Հայ բռնցքամարտիկ Դաւիթ Չալոյեան, որ կը մասնակցի Չեխիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի բաժակի կրան փրիի մրցաշարքին, պարտութեան մատնելէ ետք գերմանացի մրցակից Տելիլ Եազկանը, հասաւ կիսաւարտական` ապահովելով առնուազն պրոնզէ մետալ:
90 քիլոկրամէն վեր մրցումներուն, աշխարհի ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր Չալոյեան նկատելի առաւելութիւն ունէր բոլոր ռաունտերուն եւ յաղթանակ ապահովեց իրաւարարներու միաձայն որոշումով:
Կիսաւարտականին Չալոյեան պիտի մրցի անգլիացի Աչուշին Քլինթընի դէմ: Քլինթըն քառորդ աւարտականին յաղթելով պարտութեան մատնեց Փարիզի Ողիմպիական խաղերու ոսկի մետալակիր Ապուտօ Ճամիլը:
Հայաստանի այս ներկայացուցիչ մը` Արարատ Յարութիւնեան (70 քկ) քառորդ աւարտականին պարտուեցաւ աւստրիացի Արսէն Չապեանէն եւ դուրս մնաց մետալներու հարթակէն: