Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ. Տի. Վանս նշեց, որ ինք եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Իրանի հետ ուղղակի բանակցութիւնը անոր վարձատրութիւն չեն նկատեր, այլ արդիւնքներու հասնելու լուրջ քայլ մը: Վանս այս մասին յայտնեց ամերիկեան «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին:
«Ժընեւի բանակցութիւններուն ներկայ պիտի ըլլամ, ինչպէս որ ներկայ եղայ Փաքիստանի բանակցութիւններուն` իրանցիներու մտադրութիւններն ու լրջութեան տարողութիւնը տեսնելու համար», ըսաւ ան:
«Իրանի հետ բանակցութիւններուն մէջ ներգրաւուած պիտի մնանք, եւ պիտի ջանանք ամերիկացի ժողովուրդին համար դրական արդիւնքներ ձեռք ձգել», նշեց Վանս:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Լիբանանը Իրանի հետ խաղաղութեան համաձայնութեան ծիրին մէ՞ջ է, Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահը յայտնեց, որ անիկա շրջանային խաղաղութեան համաձայնութիւն է եւ Արաբական ծոցի պետութիւնները, Իսրայէլն ու Լիբանանը պիտի ներառէ:
«Եթէ իրանցիները լաւ չվարուին, ոչինչ պիտի ստանան, եւ այս առիթը անգամ մը եւս իրենց պիտի չտրուի», շեշտեց ան:
«Իրագործեցինք այն, ինչ որ վճռեցինք կատարել: Նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր ձեռքը կ՛երկարէ իրանցիներուն, եւ եթէ լաւ վարուին, անոնց երկիրը յաջող պիտի դարձնէ», ըսաւ Վանս:
Իրանի խորհրդարանի Ազգային անվտանգութեան յանձնախումբի նախագահ Իպրահիմ Ազիզի նշեց, որ Իրանի դիմադրողականութիւնը Միացեալ Նահանգներուն ստիպեց փոխելու ռազմավարութիւնը, եւ անոնք բանակցութիւններու սեղան եկան Իրանի պայմաններուն հիմամբ:
«Այժմ, Ուաշինկթըն պէտք է փաստէ Լիբանանի դէմ պատերազմին վերջ տալու իր յանձնառութիւնը եւ յարգէ փոխըմբռնման յուշագիրի բոլոր յօդուածները, եւ այդ յանձնառութեան որեւէ խախտում վճռական եւ ուժեղ հակադարձութեան պիտի արժանանայ: Իրանցիներուն դէմ միակողմանի սահմանափակումներ պարտադրելու ժամանակաշրջանը վերջ գտաւ», աւելցուց Ազիզի:
Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց. «Մենք յանձնառու ենք Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ բանակցութիւնները դիւրացնելուն, եւ մօտ օրէն Իրանին ու Լիբանանին մարդասիրական օժանդակութիւններ պիտի տրամադրենք»:
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւնը Բազմաթիւ Պատճառներով Լաւ Է»
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ Իրանի հետ համաձայնագիրը լաւ է շատ մը պատճառներով, որոնցմէ մէկը հիւլէական զէնք ձեռք ձգել չկարենալն է:
Թրամփ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի հետ հանդիպումի ընթացքին նշեց. «Հորմուզի նեղուցը մասնակի կերպով բացուեցաւ եւ յառաջիկայ երկու օրուան ընթացքին ամբողջական կերպով պիտի բացուի»:
«Իրանի հետ համաձայնութեան արդիւնքներէն է շուկաներու ցուցանիշերու բարձրացումն ու վառելանիւթի գիներու նուազումը», ըսաւ ան:
«Փոխըմբռնման յուշագիրը մեր կողմէ Իրանին գումարներ վճարելը չի պարունակեր, սակայն չենք կրնար որեւէ կողմի այդտեղ ներդրում կատարելը արգիլել», շեշտեց Սպիտակ տան ղեկավարը:
«Իրանի դէմ հաստատուած շրջափակումը ազդու էր, եւ եթէ իրանցիները լաւ չվարուին, դարձեալ անոնց գլխուն ռումբեր պիտի տեղան», յայտնեց Թրամփ:
Մինչ այդ, Ուժանիւթի միջազգային գործակալութիւնը Հորմուզի նեղուցի բացումէն ետք 2027 թուականին քարիւղի մեծ յաւելում կը նախատեսէ:
Համաձայնութեան Բնագիրը
«Արապիա Ինկլիշ»-ը հրապարակեց Միացեալ Նահանգներ-Իրան 14 յօդուածներէ բաղկացած համաձայնութեան բնագիրը, որ ուրբաթ օր պիտի ստորագրուի:
Ըստ հրապարակուած բնագիրին.
1.- Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնն ու Միացեալ Նահանգները, ներկայ պատերազմին մասնակից իրենց դաշնակիցներուն կողքին այս փոխըմբռնման յուշագիրը ստորագրելով կը յայտարարեն բոլոր ճակատներուն վրայ, ներառեալ Լիբանանի մէջ պատերազմին անմիջական ու տեւական դադրեցում, կը խոստանան այսուհետեւ իրարու դէմ թշնամական որեւէ արարք չկատարել եւ հակառակորդ կողմին դէմ ուժի կիրարկման սպառնալիք կամ ուժի կիրարկում չկատարել: Վերջնական համաձայնութիւնը պիտի հաստատէ այս յօդուածն ու բոլոր մնացեալ յօդուածները:
2.- Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնն ու Միացեալ Նահանգները կը խոստանան յարգել իրարու գերիշխանութիւնն ու հողային ամբողջականութիւնը, եւ մէկը միւսի ներքին հարցերուն չմիջամտել:
3.- Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնն ու Միացեալ Նահանգները կը խոստանան բանակցիլ եւ վերջնական համաձայնութեան հասնիլ առաւելագոյնը 60 օրուան ժամանակամիջոցի ընթացքին, որ փոխադարձ համաձայնութեամբ երկարաձգելի է:
4.- Փոխըմբռնման այս յուշագիրի ստորագրութենէն անմիջապէս ետք, Միացեալ Նահանգներ կը վերցնեն ծովային շրջափակումը եւ կ՛արգիլեն Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դէմ որեւէ միջամտութիւն կամ խոչընդոտում, նաւարկումը 30 օրուան ընթացքին ամբողջական մակարդակին կը բարձրացնեն, այն հասկացողութեամբ, որ նաւարկման ծաւալը Իրանի համար պատերազմէն առաջուան մակարդակին համահունչ ըլլայ:
5.- Փոխըմբռնման յուշագիրի ստորագրումէն անմիջապէս ետք, Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը կ՛որդեգրէ քայլեր` երաշխաւորելու համար 30 օրուան ընթացքին Արաբական ծոցի եւ Օմանի ծովու միջեւ ու հակառակ ուղղութեամբ առեւտրական նաւերու նաւարկումը, նկատի առնելով Իրանի կողմէ թեքնիք խոչընդոտներու վերացումն ու ականազերծումը:
6.- Միացեալ Նահանգները կը խոստանան իրենց շրջանային գործընկերներուն հետ գործակցաբար մշակել երկու կողմերուն կողմէ համաձայնեցուած համապարփակ ծրագիր մը` վերականգնելու Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը եւ զայն տնտեսապէս զարգացնելու, երաշխաւորելով 30 միլիառ տոլարէն ոչ նուազ ֆինանսաւորում: Եւ իբրեւ վերջնական համաձայնութեան մաս, 60 օրուան ընթացքին պիտի մշակուի այս ծրագիրի գործադրութեան մեքանիզմ մը:
7.- Միացեալ Նահանգներ յանձնառու կը դառնան վերջնական համաձայնութեան ծիրին մէջ համաձայնեցուած ժամանակացոյցի մը հիմամբ վերջ տալու ներկայիս Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դէմ հաստատուած ամէն տեսակի պատժամիջոցներուն, ներառեալ ամերիկեան միակողմանի առաջնակարգ եւ երկրորդական պատժամիջոցները:
8.- Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը անգամ մը եւս կը վստահեցնէ, որ երբեք հիւլէական զէնք պիտի չարտադրէ: Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնն ու Միացեալ Նահանգները նաեւ համաձայնեցան, որ հարստացուած նիւթի ճակատագիրին եւ համաձայնեցուած հիւլէական մնացեալ հարցերու, ներառեալ իրանեան հիւլէական կարիքներուն ճակատագիրը պիտի լուծուի բաւարար կերպով ծիրին մէջ վերջնական համաձայնութեան, որ պիտի հաստատէ այդ յօդուածի կէտերը:
9.- Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնն ու Միացեալ Նահանգները համաձայնեցան մինչեւ վերջնական համաձայնութեան գոյացումը ներկայ կացութիւնը պահպանելու, որուն հիմամբ Իրան կը պահպանէ իր հիւլէական ծրագիրին մէջ ներկայ կացութիւնը, եւ Միացեալ Նահանգներ նոր պատժամիջոցներ հաստատելէ կամ շրջանին մէջ իրենց ուժերը ամրապնդելէ ետ կը կանգնին:
10.- Միացեալ Նահանգներ կը խոստանան, թէ այս փոխըմբռնման համաձայնագիրի ստորագրութենէն անմիջապէս ետք եւ մինչեւ պատժամիջոցներու վերացումը, Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութիւնը հրապարակէ զանց կացեցումներ, որոնք իրանեան հում քարիւղն ու նաւթարդիւնաբերութիւնը արտածել, անոնց առնչուած բոլոր ծառայութիւնները, ներառեալ դրամատնային, ապահովագրական, փոխադրութեան եւ նման ծառայութիւնները կ՛արտօնեն:
11.- Միացեալ Նահանգներ դէպի վերջնական համաձայնութիւն բանակցութիւններուն մէջ արձանագրուած յառաջընթացի լոյսին տակ կ՛ապասառեցնեն իրանեան սառեցուած կամ արգելափակուած գումարներն ու հաշիւները եւ զանոնք ամբողջովին հասանելի կը դարձնեն: Այդ գումարները, անոնք հիմնական հաշիւներու մէջ դրուած ըլլան կամ փոխանցուած, պիտի օգտագործուին Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան կեդրոնական դրամատան կողմէ ճշդուած որեւէ վճարումի համար եւ օգտագործման ամբողջովին տրամադրելի պիտի ըլլան: Միացեալ Նահանգներ նաեւ կը խոստանան այդ նպատակով բոլոր արտօնագիրներն ու լիազօրագիրները հրապարակել:
12.- Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնն ու Միացեալ Նահանգները կը համաձայնին ստեղծելու գործադրութեան մեքանիզմ մը` հսկելու համար վերջնական համաձայնութեան յաջող գործադրութիւնը եւ երաշխաւորելու ապագային անոր նկատմամբ յանձնառութիւնը:
13.- Փոխըմբռնման այս յուշագիրի ստորագրութենէն եւ թիւ 4, 5, 10 եւ 11 յօդուածներու գործադրութեան սկիզբի վերաբերեալ երաշխիքներ ստանալէ, եւ այդ քայլերուն գործադրութեան շարունակութենէն ետք, Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնն ու Միացեալ Նահանգները կը ձեռնարկեն վերջնական համաձայնութեան շուրջ բանակցութիւններու, որոնք մնացեալ յօդուածներով կը սահմանափակուին:
14.- Վերջնական համաձայնութիւնը կ՛որդեգրուի ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ հրապարակուած պարտադիր որոշումի հիմամբ:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ Իրանի հետ համաձայնագիրը պիտի ներկայացնէ Քոնկրեսին:
Սակայն, նախագահին համաձայն, Քոնկրեսը կը փորձէ հակասել իր առաջարկած որեւէ ծրագիրի:
Նեթանիահու Կը Յանդիմանէ Զամիրը
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Իսրայէլի նախարարաց սեղմ խորհուրդի նիստի ընթացքին յանդիմանած է իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Իալ Զամիրը օդուժի հրամանատար Օմեր Թիշլերի հրապարակած նամակին պատճառով, որուն մէջ վերջինս բացայայտած էր, թէ Իրանի վրայ լայնածաւալ օդային յարձակում մը անոր գործադրութենէն կարճ ժամանակ առաջ ջնջուած է: Այս մասին հաղորդեց իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը:
Նեթանիահու օդուժի հրամանատարին իր զինակիցներուն յղած նամակը «ազգային սխալ» նկատած է:
Ան նշած է, որ անոր հրապարակումը «վնասեց միասնականութեան պատկերին» եւ «Իսրայէլը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի դիմաց անախորժ կացութեան մատնեց»:
Քանատայի Վարչապետ. «Միացեալ Նահանգներ–Իրան Համաձայնագիրը Կրնայ Փոխել Խաղի Կանոնները»
Քանատայի վարչապետ Մարք Քառնի երէկ յայտարարած է, թէ Միջին Արեւելքի մէջ պատերազմը դադրեցնելու Միացեալ Նահանգներ-Իրան համաձայնագիրը կրնայ շրջանին մէջ եւ անկէ դուրս «խաղի կանոնները փոխել»:
«Կարելիութիւն կայ, որ փոխըմբռնման այս յուշագիրը կրնայ խաղի կանոնները փոխող գործօն դառնալ», Ֆրանսայի Էվիան քաղաքին մէջ «Եօթներու խմբակի» հանդիպումի երրորդ օրը լրագրողներոն ըսած է Քառնի:
Ան նշած է վեհաժողովին ընթացքին Ուքրանիոյ եւ Լիբանանի վերաբերեալ տեղի ունեցած կառուցողական քննարկումները, որոնց մասնակցած է նաեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը:
Քանատայի վարչապետը աւելցուցած է, որ ինք, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Իտալիոյ, Ճափոնի, Բրիտանիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարները «շատ մանրամասն կերպով քննարկում կատարած են նաեւ Լիբանանի վերաբերեալ»: