2026-ի Մոնտիալի մրցումները շարունակուեցան կիրակի եւ երէկ առաւօտ, ուր Գերմանիա «սպասուած» ձեւով պարտութեան մատնեց Մոնտիալի պատմութեան ամէնէն փոքր բնակչութիւն ունեցող երկիրը` Քուրասաոն (7-1), մինչ նոյն խմբակին մէջ Փղոսկրեայ Ափունք վերջին վայրկեանին կոլ մը նշանակեց` պարտութեան մատնելով Էքուատորը:
Մանչեսթըր Եունայթըտի յառաջապահ Ամատ Տիալլօ նշանակեց մրցումին միակ կոլը, մինչ Էքուատոր երեք առիթներով ցնցած էր ափրիկեան խումբին բերդի սիւնն ու ձողը:
Շատ հետաքրքրական էր Նետերլանտներ- Ճափոն մրցումը, մանաւանդ Բ. կիսախաղին: Պէտք է ըսել, որ մրցումը գրեթէ երկկողմանի յարձակումներով հարուստ էր: Անգլիոյ «Փրեմիեր Լիկ»-ի մարզիկներ Վերճիլ Վան Տայք եւ Քրիսենսիօ Սամըրվիլ նշանակեցին Նետերլանտներու կոլերը, մինչ Ճափոն միշտ ալ կը պատասխանէր` նշանակելով հաւասարութեան կոլը: Հաւասարութեան առաջին կոլը նշանակեց Քէյթօ Նաքամուրա, իսկ Քրիսթըլ Փելեսի միջնապահ Տայչի Քամատա նշանակեց 89-րդ վայրկեանին:
Երէկ առաւօտեան մրցումին Շուէտ 5-1 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Թունուզը:
Թունուզցի հայր ունեցող Եասին Այարի (Պրայթըն) նշանակեց 2 կոլ` ի նպաստ Շուէտի, մինչ Լիվըրփուլի յառաջապահ Ալեքսանտր Իզաք եւ Արսենալի յառաջապահ Վիքթոր Եոքերեշ նոյնպէս նշանակեցին: Մաթիաս Սվանպերկ նշանակեց Շուէտի 4-րդ կոլը:
Օմար Ռեքիք նշանակեց Թունուզի միակ կոլը:
Այսօր գիշեր ժամը 22:00-ին Ֆրանսա պիտի մրցի Սենեկալի դէմ, որմէ ետք Իրաք` Նորվեկիոյ դէմ (ժամը 1:00-ին): Աշխարհի ախոյեան Արժանթին առաւօտեան ժամը 4:00-ին պիտի մրցի Ալճերիոյ դէմ, իսկ վաղը առաւօտեան ժամը 7:00-ին, Աւստրիա` Յորդանանի դէմ: