Թենիս. Էլինա Աւանէսեան Շահեցաւ Զաղրեպի Մրցաշարքը

Հայաստանը ներկայացնող թենիսվումըն Էլինա Աւանէսեան դարձաւ Զաղրեպի մէջ տեղի ունեցած «Այ.Թի.Էֆ. 100» մրցաշարքի ախոյեան:

Աւանէսեան (23 տարեկան) աւարտական մրցումին 6-1, 6-3 արդիւնքով յաղթեց շուէտացի Քայսա Ռինալտօ Փերսոնի (28 տարեկան) 1 ժամ 7 վայրկեան պայքարէ ետք:

Փերսոն, որ 8-րդ դասուած էր, աշխարհի թիւ 240-րդ թենիսվումընն է, մինչ այս յաղթանակով Աւանէսեան վստահաբար 281-րդ դիրքէն պիտի բարձրանայ:

Էլինա Աւանէսեանի այս տիտղոսը «Էյ.Թի.Էֆ.»-ի գծով իր 6-րդն է, բայց առաջինը 2023-էն ի վեր: Անցեալ տարի ան գրեթէ ելոյթ չունեցաւ, բայց այժմ ան ապաքինած է եւ «Պիլի Ճին Քափ»-ի մրցումներուն պիտի մասնակցի ազգային խումբին հետ:

Խրուաթիոյ մէջ տեղի ունեցած մրցաշարքին, Էլինա Աւանէսեան իր 4 մրցակիցներուն ալ յաղթեց մինչեւ աւարտական: Ան նախ յաղթեց գերմանացի Թեսա Եոհանա Պրուքմանի` 7-6, 6-3, ապա խրուաթ Լէա Պոսքովիչի` 7-5, 2-6 եւ 6-3, սերպ Միա Ռիսթիչի` 6-4, 6-4 եւ կիսաւարտականին խրուաթ Իվա Փրիմորաչի` 1-6, 6-1 եւ 6-1 արդիւնքով (կիսաւարտականին):

 

Leave a Comment