«Ֆորմիւլա 1». Համիլթըն «Ֆեռարի»-ի Հետ Իր Առաջին Կրան Փրիի Յաղթանակը Տօնեց Պարսելոնայի Մէջ

Երէկ Սպանիոյ մէջ տեղի ունեցաւ Պարսելոնայի կրնան փրին, ուր առաջին անգամ ըլլալով բրիտանացի Լուիս Համիլթըն «Ֆեռարի»-ին միանալէ ետք (2025-էն ի վեր) շահեցաւ կրան փրի մը` նախապէս 7 անգամ աշխարհի ախոյեան դառնալէ ետք «Մերսետես»-ի հետ:

Համիլթըն իր ասպարէզի տիտղոսներուն թիւը հասցուց 106-ի, բայց վերջին անգամ 2024-ի յուլիսին շահած էր կրան փրի մը (Պելճիքայի մէջ), երբ տակաւին մաս կը կազմէր գերմանական խումբին:

Համիլթըն օգտուեցաւ աւելի նոր եւ թարմ անիւներէն, ճիշդ յարմար պահուն փիթ-սթոփ մտնելով եւ անցնելով փոլ փոզիշընէն սկսած «Մերսետես»-ի վարորդ Ճորճ Ռասըլին, որ կրան փրին աւարտեց Բ. դիրքին վրայ: Վերջին 5 կրան փրիներուն առաջին դիրքը գրաւած Քիմի Անթոնելլի կրան փրիի աւարտէն 4 շրջան առաջ խանգարում ունեցաւ, երբ իր խմբակից Ռասըլին անցած էր Բ. դիրքին վրայ:

Համիլթըն այս ձեւով «Մերսետես»-ի գերակայութիւնը ձեւով մը «կտրեց» 6 կրան փրիներու յաջողութենէն ետք:

Անցեալ տարուան ախոյեան Լանտօ Նորես իր «Մաքլարեն»-ով Գ. դիրքը գրաւեց, մինչ վերջին 5 տարիներուն 4 անգամ աշխարհի ախոյեան Մաքս Վերշթափըն իր «Ռետ Պուլ»-ով գրաւեց 4-րդ դիրքը:

Ստորեւ դասաւորումը 7 կրան փրիներէ ետք.-

ԿԷՏ
1.- Քիմի Անթոնելլի («Մերսետես») 156
2.- Լուիս Համիլթըն («Ֆեռարի») 115
3.- Ճորճ Ռասըլ («Մերսետես») 106
4.- Շարլ Լըքլեր («Ֆեռարի) 75
5.- Լանտօ Նորիս («Մաքլարեն») 73
6.- Օսքար Փիասթրի («Մաքլարեն») 70
7.- Մաքս Վերշթափըն («Ռետ Պուլ») 55
8.- Իսաք Հաժժար («Ռետ Պուլ») 37
9.- Փիեռ Կասլի («Ալփին») 32
10.- Լիամ Լոսըն («Ռէյսինկ Պուլզ») 28

 

ԽՄԲԱՅԻՆ ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄ ԿԷՏ
1.- «Մերսետես» 262
2.- «Ֆեռարի» 190
3.- «Մաքլարեն» 143
4.- «Ռետ Պուլ» 92
5.- «Ալփին» 51
6.- «Ռէյսինկ Պուլզ» 42

 

Leave a Comment