Հայաստանը Եւրոպական Միութեան անդամակցելուն պարագային պիտի կորսնցնէ իր սեփական ինքնութիւնը, ինչպէս արդէն կորսնցուցած է իր պրենտին քոնիաք կոչելու իրաւունքը: Այս մասին «Վեսթի»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ Տումայի նախագահ Վիաչեսլաւ Վոլոտին:
Վոլոտին նշած է, որ Եւրոպական Միութեան մէջ Հայաստանին տնտեսական աճ կը խոստանան, ինչպէս ժամանակին Ուքրանիոյ կը խոստանային: Սակայն ուքրանական արտադրութեան այդպէս ալ չարտօնուեցաւ մուտք գործել եւրոպական շուկաներ, որովհետեւ մրցունակ չէ:
«Իսկ Հայաստանը ի՞նչ պիտի վաճառէ: Գինին անոնք մեզի կը վաճառեն: Եկաւ Մաքրոնը, գրկախառնուեցաւ Փաշինեանի հետ, տէ պայմանագիր կնքեցէք, Ֆրանսային գինի մատակարարեցէք: Ո՛չ, հիմա նոյնիսկ քոնիաքը արդէն անոնց մօտ պրենտի է, որովհետեւ ֆրանսացիները ըսին` ձեր մօտ ատիկա պրենտի է: Անոնք պիտի կորսնցնեն իրենց ինքնութիւնը ճիշդ այնպէս, ինչպէս Ուքրանիոյ մէջ կորսնցուցին», ըսած է Վոլոտին:
Ան միեւնոյն ժամանակ ընդգծած է, որ Հայաստանի ժողովուրդը պէտք է տարանջատել իշխող վերնախաւէն, որովհետեւ ինքնին վերջինս երկիրը դէպի անդունդ կը տանի: Վոլոտին նաեւ նշած է, որ Ռուսիան կ՛օգնէ թէ՛ Հայաստանին, թէ՛ անոր ժողովուրդին, սակայն դէմ է յարաբերութիւններուն մէջ «սուտ ու երկակի արժեչափերուն»:
«Մենք միայն յանուն ազնիւ, բաց յարաբերութիւններու եւ, ի հարկէ, փոխշահաւէտ համագործակցութեան մէջ ենք: Բարեկամութիւնը երկկողմանի երթեւեկութեամբ փողոց է», եզրափակած է Տումայի նախագահը: