Նախագահ Աուն. «Ամերիկայի Եւ Իրանի Միջեւ Փոխըմբռնման Յուշագիրին Ամէնէն Արժէքաւոր Կողմը Լիբանանի Իւրայատկութեան Յարգանքն Է»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն նշեց. «Հետաքրքրութեամբ հետեւեցայ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան միջեւ գոյացած փոխըմբռնման յուշագիրին յայտարարութեան եւ անոր մէջ ընդգծուած` շրջանին, ներառեալ Լիբանանի մէջ զինուորական գործողութիւններու եւ մագլցումի դադրեցման»:

Նախագահ Աուն բարձր գնահատեց «այդ յուշագիրին մէջ լիբանանեան իւրայատկութեան յարգումը եւ հաստատումը, որ Լիբանանի կայունութիւնն ու անվտանգութիւնը շրջանին մէջ կայունութեան ամրապնդման որեւէ լուրջ ջանքի մէկ անբաժանելի մասն է»:

«Լիբանանցի ժողովուրդը, մասնաւորաբար յարձակումներու եւ քանդումի ենթարկուած շրջաններու զաւակները, որոնք իրենց հարազատները, ապրուստի միջոցներն ու տուները կորսնցուցին, այսօր անհամբեր կը սպասեն, որ այս փոխըմբռնումները վերածուին գործնական քայլերու, որոնք վերջ կու տան բռնարարքներու ոլորապտոյտին եւ կը հաստատեն կայունութեան, անվտանգութեան, վերականգնման եւ վերաշինութեան փուլ մը», ըսաւ ան:

«Շնորհակալութի՛ւն բոլոր պետութիւններուն եւ կողմերուն, որոնք նպաստեցին այս յուշագիրի գոյացման, եւ իւրաքանչիւր կողմի, որ աշխատեցաւ Լիբանանը ներառել տարբեր ճակատներու վրայ մագլցումին վերջ տալու եւ զինուորական արարքները դադրեցնելու ջանքերուն մէջ` մեկնելով անցնող ամիսներուն ընթացքին լիբանանցիներու կրած տառապանքներու տարողութեան իրենց գիտակցութենէն:

«Լիբանան կը յուսայ, որ այս զարգացումը սկիզբը ըլլայ աւելի լայն հոլովոյթի մը, որ շրջանին մէջ կայունութիւնը կ՛ամրապնդէ եւ կը պահպանէ պետութիւններուն գերիշխանութիւնն ու ժողովուրդներու իրաւունքները, ինչպէս նաեւ լիբանանցիներուն կ՛արտօնէ կեդրոնանալ քանդուածի վերաշինութեան եւ ապահով ու կայուն պետութեան մը հովանիին տակ իրենց բնական կեանքերու վերականգնման վրայ», յայտնեց նախագահ Աուն:

 

Leave a Comment