Ալիեւ Շուշիի Մէջ Կայացած Համաժողովի Մասնակիցներուն Յղուած Ուղերձի Մը Մէջ Յիշատակած Է «Զանգեզուրի Միջանցքը»

«Անցեալ տարի Ուաշինկթընի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ներկայութեամբ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներուն միջեւ Միացեալ հռչակագիրի ստորագրումը, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի նախաստորագրումը լիովին փոխած են իրավիճակը Հարաւային Կովկասի մէջ: Այս առումով, իրագործուող «Զանգեզուրի միջանցք»-ը պիտի կապէ Ազրպէյճանի հիմնական հատուածը Նախիջեւանի շրջանին հետ, ինչպէս նաեւ պիտի դառնայ Միջին միջանցքի առանցքային հատուածներէն մէկը», ըսած է Ալիեւ` Շուշիի մէջ կայացող` «Շրջանային ներդրումը համաշխարհային անվտանգութեան գործին մէջ. խաղաղութեան կառուցումը Հարաւային Կովկասի մէջ» նիւթով միջազգային համաժողովի մասնակիցներուն:

 

Leave a Comment