Նարիշքին. «Հայաստանի Մէջ Կացութիւնը Բարդ Է, Ընտրութիւններու Արդիւնքները` Որոշակի Առումով Կասկածելի»

Հայաստանի մէջ կացութիւնը բարդ է, ընտրութիւններու արդիւնքները` որոշակի առումով կասկածելի: Այս մասին ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան տնօրէն Սերկէյ Նարիշքին:

«Հասկնալի է, որ անիկա բարդ է, ընտրութիւններն ալ, այսպէս ըսած, ոչ դիւրին անցած են, արդիւնքները յարաբերական են եւ որոշակի առումով կասկածելի: Այնպէս որ, նման շատ, ես կ՛ըսէի, աշխուժ քաղաքական գործընթացները պիտի շարունակուին», նշած է Նարիշքին` պատասխանելով համապատասխան հարցումին:

Ան նաեւ զգուշացուցած է. «Եթէ Հայաստանի ղեկավարութիւնը կողմնորոշուի բացառապէս Արեւմուտքի օգնութեան եւ աջակցութեան վրայ, ապա սխալ պիտի գործէ: Այդ պարագային, երկրին մէջ կացութիւնը պիտի բարդանայ, ինչպէս նաեւ լրացուցիչ խոչընդոտներ եւ դժուարութիւններ պիտի ստեղծուին տնտեսական զարգացման համար»:

Թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս Հայաստանի մէջ կացութիւնը պիտի բարդանայ, ան չէ մանրամասնած, միայն աւելցուցած է. «Յոյսով եմ, որ Հայաստանի ղեկավարութիւնը խոհեմութեամբ գործէ:

«Կարեւոր է, որ համագործակցութիւնն ու գործակցութիւնը զարգանան բոլոր ուղղութիւններով` տնտեսութեան, մարդասիրական ոլորտի, ինչպէս նաեւ զինուորական եւ ռազմական-արհեստագիտական համագործակցութեան ծիրին մէջ», ըսած է Նարիշքին:

 

 

Leave a Comment