Դիլիջանի Մէջ Հանդիպած Են Արմէն Գրիգորեանը Եւ Հիքմեթ Հաճիեւը

Ազրպէյճանի նախագահի արտաքին յարաբերութիւններու գծով խորհրդական Հիքմեթ Հաճիեւ եւ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան նախանցեալ օր հանդիպած են Դիլիջանի մէջ:

Կողմերը նոյնաբովանդակ յայտարարութիւն տարածած են, ըստ որուն «բանակցութիւններու ընթացքին քննարկած են ազրպէյճանական-հայաստանեան խաղաղութեան օրակարգին վերաբերող հարցեր եւ ընդգծած են երկկողմանի ուղիղ երկխօսութեան շարունակման կարեւորութիւնը»:

Կը նշուի, որ յատուկ ուշադրութիւն դարձուած է «երկու երկիրներու քաղաքացիական հասարակութիւններուն միջեւ վստահութեան ամրապնդման ուղղուած միջոցառումներուն»:

Կողմերը համաձայնած են շարունակել աշխատանքային շփումները եւ պայմանաւորուած են, որ յաջորդ հանդիպումը կը կայանայ Ազրպէյճանի մէջ:

 

Leave a Comment