Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Հանգիստ Ձեւով Հասաւ Աւարտական

ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց խումբը 110-57 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Պէյրութ Ֆըրսթը եւ հասաւ աւարտական:

3-րդ յաջորդական ճակատումներու յաղթանակը եղաւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի այս տարեշրջանի 11-րդ յաջորդական յաղթանակը:

Պէտք է ըսել, որ 19 մրցումներու ընթացքին ՀՄԸՄ Անթիլիաս միայն մէկ մրցում պարտուած է, այդ ալ ախոյեան Ռիատիի դէմ անցեալ 14 փետրուարին, Մըզհերի մէջ: Բայց ՀՄԸՄ կրցաւ դարձին յաղթել Ռիատիին, այս վերջինիս դաշտին վրայ, բան մը, որ զինք գլխաւոր թեկնածուի դիրքին վրայ դրաւ այս տարեշրջանի տիտղոսին:

Ամար Մանսուր եղաւ մրցումին լաւագոյն մարզիկը, մինչ օտար մարզիկներ Փրինս եւ Անիկուէ բարձր մակարդակի ելոյթ ցուցաբերեցին: Փերլա Պու Նասր, Ռիմ Ղալի, Մեղրի Թորոսեան, Կապի Սաատ, Ալիք Թապաքեան, Ալիք ՔԷշիշեան, Էլիսա Ապու Ժաուտէ եւ Թալա Շամմաս իրենց կարգին մասնակցեցան այս մրցումին:

Մանսուր 27 կէտ, 7 ռիպաունտ եւ 6 էսիսթ կատարեց 2 սթիլներու կողքին: Փրինս (18 կէտ եւ 13 ռիպաունտ), Անիկուէ (27 կէտ եւ 7 ռիպաունտ), Փերլա (13 կէտ եւ 8 էսիսթ), Մեղրի (6 կէտ), Ռիմ (11 կէտ), Թապաքեան (6 կէտ) եւ Էլիսա (2 կէտ) նշանակեցին Անթիլիասի կէտերը:

Պէյրութ, որ նախկին ճակատումներուն աւելի սուր պայքար ցոյց տուած էր, մրցումի առաջին մասին միայն 4 կէտ կրցաւ նշանակել:

Աւարտականին ՀՄԸՄ Անթիլիաս պիտի մրցի վերջին տարիներու ախոյեան Ռիատիի դէմ, որ իր կարգին 3-0 ճակատումներու արդիւնքով դուրս ձգեց Ազուրը:

Leave a Comment