Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Պէյրութ Ֆըրսթ` 93-70

Երէկ սկսաւ Լիբանանի աղջկանց պասքեթպոլի կիսաւարտականի գծով ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Պէյրութ Ֆըրսթ ճակատումը, ուր ՀՄԸՄ հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց Պէյրութի դէմ` 93-70 արդիւնքով:

Մըզհերի մէջ տեղի ունեցած մրցումին, ՀՄԸՄ Անթիլիաս սկիզբէն լաւ ձեւով սկսաւ, եւ առաջին վայրկեանէն յստակ էր խումբերու մակարդակի տարբերութիւնը խումբին օտար մարզիկներն ալ` Ալեքսիս Փրինս եւ Քրիսթին Անիկուէ բաւական լաւ ելոյթ ունեցան եւ վստահաբար աւելի շաղուելով խումբին հետ շատ աւելի լաւ արդիւնք պիտի տան:

Անիկուէ 24 վայրկեան մասնակցեցաւ մրցումին` նշանակելով 18 կէտ եւ ձեռք ձգելով 9 ռիպաունտ, մինչ Փրինս մօտ 30 վայրկեաններու ընթացքին 21 կէտ եւ 11 ռիպաունտ ձեռք ձգեց տապըլ տապըլ իրագործելով: Ամար Մանսուր (21 կէտ), Փերլա Պու Նասր (10 կէտ), Ռիմ Ղալի (7 կէտ), Մեղրի Թորոսեան (6 կէտ), Էլիսա Ապու Ժաուտէ (4 կէտ), Կապի Սաատ (3 կէտ) եւ Թալա Շամմաս (3 կէտ) մասնակցեցան այս մրցումին, որ բաւական լաւ էր, եւ մարզիկները շատ անգամներ փոխարինուեցան իրար հանգիստ պահելու համար:

ՀՄԸՄ Անթիլիաս ռիպաունտներով (53-33) եւ էսիսթներով (28-18) շատ աւելի լաւ էր եւ բաւական քիչ թըրն-օվըր կատարեց:

Վաղը տեղի պիտի ունենայ ճակատումներու 2-րդ մրցումը, ուր ՀՄԸՄ Անթիլիաս պիտի մեկնի Շիյահի դաշտը, երեկոյեան ժամը 20:00-ին` մրցելու համար Պէյրութ Ֆըրսթի դէմ:

Leave a Comment