Քաթարի շէյխ Թամիմ Պըն Համատ Ալ Թանի իշխանը Տոհայի Լուսէյլ պալատին մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ ժոմպլաթն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին կուսակցութեան եւ Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի ղեկավար Թէյմուր Ժոմպլաթը եւ երեսփոխանական պլոքի քարտուղար Հատի Ապու Հասանը:
Ժողովի ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան ու շրջանային բեմերու վրայ կացութիւններն ու վերջին զարգացումները, ինչպէս նաեւ մարտահրաւէրները դիմակայելու, Լիբանանի եւ շրջանին մէջ պատերազմական կացութեան վերջ տալու կարելիութիւնները:
Ժոմպլաթ բարձր գնահատեց իշխան Թամիմի ղեկավարութեամբ Քաթարի դիւանագիտական եւ քաղաքական ջանքերը` շրջանին մէջ ապահովութեան եւ կայունութեան հաստատման համար:
Ան նաեւ բարձր գնահատեց Քաթարի ազդու դերակատարութիւնը եւ տեւաբար քաղաքական, տնտեսական ու բարգաւաճման ոլորտներու մէջ Լիբանանի կողքին կանգնիլը` մեկնելով երկու եղբայական պետութիւններուն միջեւ գոյութիւն ունեցող եղբայրական յարաբերութիւնները: