Էրտողան. «Սուրիոյ Եւ Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Յարձակումը Նաեւ Թուրքիոյ Սպառնալիք Կը Ներկայացնէ»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, որ Սուրիոյ եւ Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումները հասան փուլի մը, ուր այլեւս Թուրքիոյ եւս սպառնալիք կը ներկայացնեն:

«Իսրայէլ իր ստեղծումէն ի վեր մեր շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան սպառնալիքի դեր կը խաղայ», աւելցուց ան` նշելով, որ Թուրքիոյ անվտանգութիւնը Պէյրութէն ու Դամասկոսէն կը սկսի:

«Արտօնեցէ՛ք յստակ ըսել` ոչ ոք պէտք է արկածախնդրութիւն փնտռէ, եւ ոչ ոք պէտք է լծուի սիոնական ջարդարարներու ցանցի կառքին: Եթէ ոեւէ մէկը փորձէ Արեւելեան Միջերկրական ծովուն մէջ Թուրքիոյ եւ կիպրացի թուրքերու իրաւունքներուն ու շահերուն նկատմամբ ոտնձգութիւն կատարել, կ՛ուզեմ, որ իմանաք` մեր պատասխանը պիտի ըլլայ շատ յստակ եւ շատ վճռական: Իսրայէլը պէտք է կանգնեցուի», Արդարութիւն ու բարգաւաճում կուսակցութեան երեսփոխաններուն առջեւ նշած է Էրտողան` անդրադառնալով Կիպրոսի եւ Ֆրանսայի միջեւ Կիպրոսի մէջ ֆրանսացի զինուորներու տեղակայման վերաբերող համաձայնագիրի ստորագրման:

Նեթանիահու Կը Հակադարձէ

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու հակադարձեց Էրտողանին Իսրայէլը «մարդկութեան սպառնալիք» նկատող եւ անոր Սուրիոյ ու Լիբանանի մէջ գործողութիւնները Թուրքիոյ սպառնալիք ներկայացնելու մասին յայտարարութեան` նշելով. «Էրտողան, որ իր ժողովուրդը բռնաճնշումի կ՛ենթարկէ, իր քաղաքական հակառակորդները կը բանտարկէ եւ Համաս շարժումին կ՛աջակցի, Իսրայէլին բարոյական դասեր տալու կարող վերջին անձն է»:

Ան ընդգծեց, որ Իսրայէլ իր բանակին ճամբով պիտի շարունակէ գործել շրջանին մէջ Իրանի եւ անոր դաշնակիցներուն դէմ, «որոնք Միջին Արեւելքին եւ աշխարհին սպառնալիք կը ներկայացնեն»:

 

 

Leave a Comment