Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ ընդունեց Քեսրուան գաւառի քաղաքապետութիւններու պատուիրակութիւնը եւ անոր անդամներուն յայտնեց. «Ուաշինկթընի մէջ բանակցութիւններու նպատակը պետութեան գոյութեան վերականգնումն է, որպէսզի լիբանանցիները ոչ ոքի հետեւորդ ըլլան, ըլլայ այդ հոգատար իշխանութեան կամ ոեւէ մէկը մեր կողմէ լիազօրելու ճամբով:
«Որոշումին տէրը մենք ենք, եւ Լիբանան գերիշխան պետութիւն է, երկիր մը, որ ունի իր գոյացութիւնն ու կարողութիւնները: Անոր ժողովուրդը, որ միշտ ալ շարք մը երկիրներու զարթօնքին մէջ իր ներդրումը ունեցած է, այսօր կրնայ նպաստել իր երկրի վերաշինութեան եւ զարթօնքին»:
«Արգիլուած է վերադառնալ հոգատարութիւններու ժամանակաշրջանին, ինչ որ ալ ըլլան անոնք: Մենք կ՛ողջունենք որեւէ պետութեան օգնութիւնը, սակայն օգնութեան եւ ի նպաստ որեւէ պետութեան ու ի վնաս լիբանանեան շահերուն լիբանանեան ներքին հարցերուն միջամտութեան միջեւ տարբերութիւնը մեծ է: Ատիկա չենք ընդունիր», ըսաւ ան:
«Կան Ծոցի պետութիւններէն մինչեւ եւրոպական ու այլ պետութիւններ, որոնց օգնութիւնները կ՛ողջունենք, սակայն մեր պայմանը այդ պետութիւններու սեփական շահերու իրագործման համար մեր ներքին հարցերուն չմիջամտելն է», յայտնեց նախագահը:
«Բանակցելու որոշում տուի եւ այդ որոշումին իրագործումը մինչեւ վերջ պիտի շարունակեմ, որովհետեւ Լիբանանը ՄԱԿ-ի հիմնադիր անդամ է, եւ իր գոյացութիւնն ու գերիշխանութիւնը ունի, ինչպէս նաեւ մեկնելով այն համոզումէս, թէ պատերազմները չեն տար որեւէ արդիւնք, բացի կորուստներէն, որոնք բոլորը կը բաժնեկցին», նշեց Աուն: