Իսրայէլի նախագահ Իսհակ Հերցոկ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունին ու լիբանանցի ժողովուրդին յղեց պատգամ մը` ըսելով. «Խաղաղութեան ձեռք կ՛երկարեմ Լիբանանի նախագահին ու լիբանանցի ժողովուրդին, սակայն պէտք է Լիբանանը իրանեան վարչակարգէն ու Հըզպալլայէն ազատ պահէք, եւ Լիբանանը մնայ գերիշխանութիւն ունեցող անկախ պետութիւն մը»:
«Պէյրութ ճամբորդելու երազ ունիմ պայմանով, որ Լիբանանի ապագան Պէյրութի մէջ ըլլայ եւ ոչ թէ Թեհրանի», նշեց Հերցոկ: