Աֆղանիստանի երեք շրջաններու վրայ Փաքիստանի հարուածներէն ետք արձանագրուած են 13 զոհեր, որոնց շարքին` 11 մանուկներ: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան համաձայն, յայտարարած է Աֆղանիստանի մէջ իշխող Թալեպան շարժումի բանբերը:
Զապիհուլլա Մուժահիտիի համաձայն, խաղաղ բնակիչներու տուներու ռմբակոծման պատճառով վիրաւորուած է 14 կին:
Փաքիստանէն մեկնաբանութիւն տակաւին չկայ, սակայն ապահովական պաշտօնատարները «Ռոյթըրզ»-ին յայտնած են, որ Իսլամապատը օդային հարուածներ հասցուցած է այն վայրերուն, որոնք, ըստ անոնց, «փաքիստանցի զինեալներու թաքստոցներ են եւ այլ կառոյցներ, որոնք կ՛օգտագործուին Փաքիստանի դէմ»:
Իսլամապատը Քապուլին շարունակաբար մեղադրած է Փաքիստանի մէջ յարձակումներ ծրագրող զինեալներուն ապաստան տալու յանցանքով: Թալեպան շարժումը հերքած է մեղադրանքները` իր կարգին յայտարարելով, որ Փաքիստանի մէջ զինեալներու գործունէութիւնը այդ երկրի ներքին խնդիրն է:
Նախկին դաշնակիցները փետրուարին արիւնալի բախումներ ունեցած էին: Մարտին փխրուն զինադադար հաստատուեցաւ, իսկ հակամարտութեան կարգաւորման համար միջնորդական ջանքեր կը գործադրէ Չինաստան: