Հայաստանի հաւաքականի նախկին միջնապահ Լուքաս Զելարայեան Արժանթինի «Ափերթուրա»-ի տարեշրջանի արդիւնքներուն հիման վրայ ստացաւ հեղինակաւոր անհատական ճանաչում:
Պելկրանոյի 33 տարեկան ֆութպոլիստը ընտրուեցաւ տարեշրջանի լաւագոյն մարզիկ: Այս մասին յայտնեց Լիկայի պաշտօնական էջը` ընդգծելով Զելարայեանի տպաւորիչ ելոյթը Քորտոպան ներկայացնող ակումբին հետ:
Տարեշրջանը պատմական էր ոչ միայն հայ ֆութպոլիստին համար, այլ նաեւ Պելկրանոյի համար: Ակումբը իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով դարձաւ ախոյեան, իսկ այդ յաջողութեան ճանապարհին գլխաւոր դերակատարներէն մէկն էր Զելարայեան:
«Ափերթուրա-ի մրցաշարքին Զելարայեան մասնակցեցաւ 18 մրցումներու, որոնց ընթացքին նշանակեց 4 կոլեր եւ կատարեց 2 էսիսթ: Այս թիւերէն աւելի ան մեծ դեր ունէր Պելկրանոյի յարձակումները կազմակերպելով` դառնալով ախոյեանութեան տիրանալու հիմնական խորհրդանիշներէն մէկը:
«Ափերթուրա»-ի աւարտականին Պելկրանօ յաղթեց Ռիվըր Փլէյթին (2-3)` ախոյեանութիւնը յաղթանակով աւարտելով եւ ակումբի պատմութեան մէջ նոր էջ մը բանալով: