Պասքեթպոլ. Այսօր` Սաժես – ՀՄԸՄ – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Այսօր ժամը 20:45-ին, ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի խումբը քառորդ աւարտականի («Ֆայնըլ 8») գծով իր առաջին ճակատումը պիտի կատարէ Սաժեսի դէմ, այս վերջինիս դաշտին վրայ` Ղազիրի մէջ:

ՀՄԸՄ, որ շաբաթ մը առաջ 87-89 արդիւնքով պարտութիւն կրած էր Սաժեսէն` բնական ախոյեանութեան 21-րդ հանգրուանին, առաջին անգամ ըլլալով իրեն հետ պիտի ունենայ Տիքեմպէ Տիքսընը, որ Ճորտըն Սթիվընզի եւ Համատ Ֆաթհիի հետ պիտի ամբողջացնէ օտարներու ցանկը:

Անշուշտ Ազիզ Ապտելմասիհ, Պրայըն Սալեհ, Մոհամետ Հոթէյթը, Փիթըր Տեքերմենճեան, Թանիոս Աքիքի, Ճիօ Մանուկեան եւ Քարիմ Սալամ իրենց կարելիէն աւելի պիտի տան անպայման յաղթանակ արձանագրելու համար Սաժեսի դաշտին վրայ, ինչ որ անկարելի բան մը չէ:

Աստղերով հարուստ Սաժես հսկայ ճնշումի տակ կը գտնուի երկու տարիէ մեծ գումարներ ծախսելով առանց տիտղոսի աւարտելէ ետք:

Ճիշդ է, որ համակիրները մեծ դեր պիտի ունենան ոգեւորելու Սաժեսը իրենց դաշտին վրայ, սակայն ՀՄԸՄ միշտ ալ դժուար մրցակից եղած է, եւ համակիրները տակաւին չեն մոռցած 14 մարտ 2025-ի մրցումը, որուն ընթացքին Սաժես վերջին երկվայրկեանին անարդար ձեւով կրցած էր յաղթել մրցումը (100-99):

Թուղթի վրայ Սաժես շատ աւելի առաւելութիւն ունի յաղթելու մրցումը, բայց միշտ ալ կ՛ըսենք, որ մրցումները տեղի կ՛ունենան դաշտին վրայ, եւ լաւ խաղցողը եւ առիթէն օգտուող խումբը իրե՛նք կը յաղթեն: Երբ ունիս վճռական մարզիկներ, որոնք կրնան մրցումը «շահիլ», ամէն ինչ կարելի է:

Երկրորդ ճակատումը տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի օր, ՀՄԸՄ-ի Մըզհերի դաշտին վրայ, ուր համակիրները անհամբեր կը սպասեն քաջալերելու խումբը:

Leave a Comment