Կրասնոտարի խմբապետ եւ Հայաստանի հաւաքականի միջնապահ Էդուարդ Սպերցեան կրնայ իր ասպարէզը շարունակել Իտալիոյ «Սերի Ա.»-ին մէջ:
Լրագրող Իվան Քարփովի տեղեկութիւններով, 25 տարեկան ֆութպոլիստին նկատմամբ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է Քոմօ ակումբը, որուն գլխաւոր մարզիչ Սեսք Ֆապրեկաս անձամբ հետաքրքրուած է հայ միջնապահին փոխանցումով:
Կը հաղորդուի, որ մօտ մէկ ամիս առաջ Ֆապրեկաս անձամբ կապ հաստատած է Սպերցեանի հետ եւ յայտնած, որ կը ցանկայ զայն Քոմոյի շապիկով տեսնել:
Ֆութպոլիստին համար Իտալիա տեղափոխուելու տարբերակը առաջնահերթութիւն է, սակայն մինչեւ այս պահս Կրասնոտար պաշտօնական առաջարկ տակաւին չէ ստացած:
Ըստ կարգ մը աղբիւրներու, աւելի լուրջ խօսակցութիւնները մեծ մասամբ կապուած են Նիքօ Փասի ապագային հետ, Եթէ Քոմօ «կորսնցնէ» Փասը, որ ակումբին հիմնական աստղերէն մէկը կը նկատուի, այդ պահուն Սպերցեանի փոխանցման վերաբերեալ աւելի լուրջ խօսակցութիւնները կը սկսին:
Քոմոյէն անկախ, արդէն ամիսէ մը ի վեր Սէուտական Արաբիոյ Ահլի ակումբը լրջօրէն կապի մէջ մտած էր եւ մեծ գումարի փոխարէն պայմանագրութիւն մը առաջարկած էր Սպերցեանին, որ տակաւին կը յուսայ եւրոպական ակուբի մը հետ կապուիլ:
Վստահ իբրեւ երիտասարդ ֆութպոլիստ Սպերցեանի համար աւելի փափաքելի է եւրոպական ակումբի մը միանալ աւելի յառաջդիմելու յոյսով, մինչ Սէուտական Արաբիան աւելի տարիքով մեծ մարզիկներու յարմար կ՛ըլլայ:
Իտալական Քոմօ ակումբին հետաքրքրութիւնը յատկապէս գրաւիչ է հայ մարզիկին համար, մանաւանդ որ Քոմոն պատմական տարեշրջան մը բոլորեց եւ իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով հասաւ «Չեմփիընզ լիկ», գրաւելէ ետք «Սերի Ա.»-ի վերջնական դասաւորման 4-րդ դիրքը` իր ետին ձգելով Ա. Սէ. Միլանի եւ Եուվենթուսի նման խումբեր:
Միւս կողմէ, Սպերցեան կը մնայ Կրասնոտարի գլխաւոր մարզիկներէն մէկը: Անոր պայմանագրութիւնը ռուսական ակումբին հետ նախատեսուած է մինչեւ 2029, ուստի անոր հաւանական փոխանցումը կապուած պիտի ըլլայ ոչ միայն ֆութպոլիստին ցանկութենէն, այլ «ցուլեր»-ու ղեկավարութեան դիրքորոշումէն: