Պասքեթպոլ. Վաղը` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Պէյրութ Ֆըրսթ

Վաղը, յետմիջօրէի ժամը 16:45-ին, Մըզհերի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ ՀՄԸՄ Անթիլիաս պիտի հիւրընկալէ Պէյրութ Ֆըրսթի աղջկանց խումբը` Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան կիսաւարտականի գծով առաջին ճակատումին:

Անցեալ 30 մայիսին նոյն դաշտին վրայ ՀՄԸՄ Անթիլիաս 83-37 արդիւնքով կրցած էր յաղթել, երբ օտարներ չկային:

Այժմ ՀՄԸՄ Անթիլիաս եւ մնացեալ երեք խումբերն ալ կիսաւարտականի իրենց մրցումներէն սկսեալ կրնան օգտագործել օտար մարզիկներ:

Անշուշտ, բնական տարեշրջանին վերսկսելէն ետք, ՀՄԸՄ Անթիլիաս իր 5 մրցումներն ալ աւարտած էր յաղթանակներով, որոնց վերջինը` անցեալ տարիներու ախոյեան Ռիատիին վրայ (86-94), գրաւելով առաջին դիրքը:

Ռիատի, որ 2-րդ դիրքը գրաւեց, կիսաւարտականին պիտի մրցի 3-րդ դիրքը գրաւող Ազուրին դէմ:

Այժմ ՀՄԸՄ Անթիլիաս լաւագոյն մարզիկներով խումբն է եւ մարզիչ Ճօ Մոժահեսի հետ շատ համոզիչ ելոյթներ կ՛ունենայ: Օտարները կրնան ըլլալ մրցումները վճռողները, եւ աւելի լաւ օտար ունեցող խումբը կրնայ աւելի լաւ արդիւնք ձեռք ձգել: Անշուշտ խօսքը մակարդակով իրար մօտ եղող խումբերուն մասին է, որոնց պարագային յաղթանակը կրնայ վճռել աւելի լաւ օտարներ ունեցողը:

 

 

Leave a Comment