«Հայաստան» Դաշինքի Եզրափակիչ Հանդիպումը Ընտրողներուն Հետ

Երէկ` 5 յունիսին Երեւանի «Տինամօ» մարզադահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստան» դաշինքի եզրափակիչ հանդիպումը ընտրողներուն հետ:

Հաւաքը սկսաւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգով:

Ելոյթ ունեցողները շնորհակալութիւն յայտնեցին դաշինքի աջակիցներուն ու համակիրներուն մէկ ամիս շարունակ իրենց հետ ըլլալու, զիրենք ոգեւորելու համար: Անոնք յառաջիկայ ընտրութիւնները կարեւոր նկատեցին Հայաստանի ըլլալ-չըլլալու, ապագայ ունենալ-չունենալու տեսանկիւնէն` նշելով, որ լիայոյս են իրենց յաղթանակի հարցին մէջ:

Դաշինքի ղեկավար, Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան իր եզրափակիչ ելոյթին մէջ մասնաւորապէս ըսաւ. «Մեր ժողովուրդը չ՛ուզեր, որ իրեն կառավարէ Ալիեւի ծառան: Այն մարդը, որ բերած է արցախեան պատերազմ, կորուստ` սարսափելի հետեւանքներով, իրաւունք չունի նոյնիսկ «խաղաղութիւն» բառը օգտագործելու: Նիկոլ Փաշինեանը կեղծ խաղաղութիւն է, կեղծ իշխանութիւն է եւ կեղծ բովանդակութիւն է: Մենք կը ձգտինք խաղաղութեան եւ պիտի հասնինք անոր. մենք պիտի հասնինք կայուն, արժանապատիւ խաղաղութեան: Հայաստանի մէջ չկայ մէկը, որ ունի իմ փորձս անվտանգութեան հարցերուն մէջ, պետական կառավարման հարցերուն մէջ, նաեւ` մեծ գործառնութիւններու մէջ պաշտօնաթողութենէս ետք աշխատելու հարցին մէջ: Այդ համակցուած փորձը իւրայատուկ է, եւ ես պատրաստ եմ ամբողջութեամբ նուիրելու այդ փորձը, իմ ժամանակս, իմ ջիղերս, իմ ամէն ինչս մեր երկրի յաջողութեան համար: Եւ այդ փորձին պէտք է գումարենք այն խումբը, որ մենք ունինք` խելօք, կիրթ, համարձակ խումբ, որ պատրաստ է արհեստավարժօրէն երկիրը շարժելու յառաջ»:

Եզրափակիչ հանդիպումին ելոյթներով հանդէս եկան «Հայաստան» դաշինքի անդամ, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, դաշինքի անդամներ` Աննա Գրիգորեան, Լեւոն Քոչարեան եւ Քրիստինէ Վարդանեան:

Leave a Comment