Միացեալ Նահանգներ կը սատարեն «Հայաստանի գերիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ անկախութեան, ներառեալ Հայաստանի` իր արտաքին քաղաքականութիւնը եւ յարաբերութիւնները որոշելու իրաւունքը»: Այս մասին «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին տուած բացառիկ մեկնաբանութեան մէջ նշած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:
Պատասխանելով յունիս 7-ի ընտրութիւններուն մէջ արտաքին միջամտութեան մասին հաղորդումներուն եւ ամերիկացի օրէնսդիրներու նախազգուշացումներուն մասին «Ազատութեան» հարցումներուն` արտաքին գործոց նախարարութիւնը շեշտած է, որ Հայաստանի քաղաքական ապագան պէտք է միայն Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիները որոշեն:
«Մենք տեղեակ ենք Հայաստանի քաղաքական գործընթացներուն արտաքին միջամտութեան վերաբերեալ լրատուամիջոցներու հաղորդումներուն մասին: Հայաստանի ժողովուրդը իրաւունք ունի ընտրելու իր ղեկավարութիւնը եւ իր ապագան կառուցելու», ըսած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:
Նախարարութիւնը նաեւ ընդգծած է կարեւորութիւնը Երեւանի եւ Ուաշինկթընի միջեւ խորացող յարաբերութիւններուն եւ ԹՐԻՓՓ նախագիծին, որուն շրջագծային համաձայնագիրը ստորագրուեցաւ 4 յունիսին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին, եւ օրեր առաջ ալ` Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին կողմէ:
«Ինչպէս արտաքին գործոց նախարարի (Ռուպիոյի, «Ա.») Երեւան վերջին այցելութիւնը ցոյց կու տայ, ԹՐԻՓՓ-ը առանցքային եւ երկարաժամկէտ նշանակութիւն ունի Հայաստանի եւ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւն եւ բարգաւաճում բերելու գործին մէջ», «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին փոխանցած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը: