Փեսքով. «Հայաստանի Ղեկավարութիւնը Երկիրը Դրած Է Արհեստական Ընտրութեան Առջեւ»

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով երէկ ռուսական «Իզվեսթիա» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է. «Հայաստանի գործող ղեկավարութիւնը երկիրը դրած է արհեստական ընտրութեան առջեւ` ստիպելով ընտրել Եւրոպական Միութեան եւ ԵԱՏՄ-ի միջեւ»:

«Հայաստանի գործող իշխանութիւնները կը փորձեն ընտրութեան պատրանք ստեղծել` երկիրը արհեստականօրէն դնելով եւրասիական եւ եւրոպական համարկումներու միջեւ ջրբաժանի առջեւ», նշած է Քրեմլինի բանբերը:

«Եթէ կշիռքի մէկ նժարին դրուի եւրոպական համարկումը, միւսին` եւրասիականը, ապա վերջինը աւելի ծանրակշիռ եւ ձեռնտու պիտի ըլլայ Հայաստանի համար», յայտարարած է Փեսքով:

«Մեզի համար լաւ է այն, ինչ որ լաւ է հայերուն համար. ի վերջոյ մեր երկրին մէջ աւելի շատ հայ կ՛ապրի, քան ինքնին Հայաստանի մէջ», ըսած է ան:

Leave a Comment