2026-ի Մոնտիալ. Միայն 8 Մասնակից Ազգային Խումբեր Չունին Արտերկիր Ծնած Մարզիկներ

2026-ի Մոնտիալին մասնակցող 48 ազգային խումբերուն անուններուն պաշտօնապէս հրապարակուելէն ետք, արդէն իսկ հետաքրքրական մրցաշարքին կողքին վիճակագրական տեսանկիւնէն ալ հետաքրքրական տեղեկութիւններ կան:

Ուշագրաւ ցուցանիշներէն մէկը կը վերաբերի մասնակից խումբերու մարզիկներուն ծննդավայրերուն:

Ըստ վիճակագրութիւններուն, Մոնտիալին մասնակցող 48 երկիրներէն միայն 8-ն ունին կազմեր, որոնց բոլոր մարզիկներն ալ ծնած են իրենց ներկայացուցած երկրին մէջ:

Այս երկիրներն են` Սէուտական Արաբիա, Հարաւային Ափրիկէ, Փանամա, Պրազիլ, Քոլոմպիա, Աւստրիա, Չեխիա եւ Շուէտ:

Անշուշտ երբեմն ծննդավայր երկիրն ալ բաւարար չ՛ըլլար, եթէ մարզիկներուն ծագումով հետեւինք, բայց այսօր բաւականանանք:

Միւս 40 ազգային խումբերու մարզիկները զանազան պատճառներով կը ներկայացնեն ազգային խումբեր կա՛մ ծագումի, քաղաքացիական, ընտանեկան արմատներու, կա՛մ այլ հանգամանքներու պատճառով:

Հակառակ իրավիճակի ամէնէն լաւ օրինակն է Քուրասաոյի ազգային խումբը: Այս խումբի գրեթէ ամբողջ կազմին անդամները ծնած են Նետերլանտներ: 25 մարզիկներ ծնած են Քուրասաոյէն հեռու, եւ միակ մարզիկը, որ ծնած է իր ազգային խումբին ներկայացուցած երկրին մէջ, Թայիթ Չոնկն է, որ ծնած է մայրաքաղաք Վիլեմսթատի մէջ: Այս վիճակագրութիւնը լաւ ձեւով ցոյց կու տայ, թէ որքա՛ն փոխուած է ժամանակակից ֆութպոլը: Շատ հաւաքականներու համար սփիւռքի ֆութպոլիստները կանուխէն դարձած են ազգային խումբերու կարեւոր մասը: Ասիկա յատկապէս նկատելի է այն երկիրներուն պարագային, որոնք ունինք գաղթականներ ընդունելու մեծ պատմութիւն, նախկին գաղութային կապեր կամ բազմամարդ սփիւռք Եւրոպայի մէջ: Կան նաեւ մարզիկներ ֆրանսացի Մայքըլ Էլիսէի նման, որ ոչ մէկ կապ ունի Ֆրանսայի հետ, ծնած է Լոնտոն (Անգլիա), անգլիացի-նիկերիացի հօր եւ ալճերիացի մօրմէ եւ փոքր տարիքէն նախընտրած է խաղալ Ֆրանսայի երիտասարդներու տարիքային խումբերէն եւ այժմ դարձած է Եւրոպայի լաւագոյն մարզիկներէն, ինչպէս նաեւ Պայերն Միւնիխի ակումբին աստղերէն մէկը:

 

Leave a Comment