ԹՐԻՓՓ-ի Վերաբերեալ Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ Համաձայնագիրը Ստորագրուեցաւ

ԹՐԻՓՓ-ի վերաբերեալ Հայաստանի Հանրապետութիւն-Միացեալ Նահանգներ համաձայնագիրը ստորագրուեցաւ: Այս մասին հաղորդեց Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

«Վայրկեաններ առաջ ձեր աչքի առջեւ ստորագրեցի ԹՐԻՓՓ-ի վերաբերեալ Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ շրջանակային համաձայնագիրը: Կը յիշէք` օրեր առաջ անիկա նախաստորագրուած էր իմ եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի կողմէ:

«Հիմա արտաքին գործոց նախարար Ռուպիոն իր ստորագրութիւնը դրած է համաձայնագիրին տակ եւ փաստաթուղթը առաքած Հայաստան: Այժմ ես ալ հայկական կողմի ստորագրութիւնները դրի: Ասով հեռավար ստորագրման հոլովոյթը աւարտած է, եւ համաձայնագիրը պատրաստ է վաւերացման», ըսած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան:

Միւս կողմէ, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ հաւանութիւն տրուած է ԹՐԻՓՓ-ի զարգացման:

Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման ֆինանսական ընկերութեան տնօրէններու խորհուրդը 3 յունիսին հաւանութիւն տուած է շարք մը նոր ռազմավարական ներդրումներու, որոնց շարքին ԹՐԻՓՓ-ի զարգացման ընկերութեան հիմնումին` հայ-ամերիկեան միացեալ ձեռնարկութիւն մը, որ միտուած է աջակցելու առեւտուրին, փոխադրումներուն, տնտեսական զարգացման եւ շրջանային փոխկապակցուածութեան:

Ըստ Միջազգային զարգացման ֆինանսական ընկերութեան, ԹՐԻՓՓ-ի զարգացման ընկերութիւնը պիտի աջակցի առանցքային ենթակառուցուածքային ծրագիրներու իրականացման, ներառեալ երկաթուղինեու, ճամբաներու, խողովակաշարերու, օփթիքամանրաթելային ցանցերու ծրագիրները եւ այլն:

Leave a Comment