Բագրատ Արք. Գալստանեանի Խափանման Միջոցը Փոխուած Է Տնային Կալանքի

Վերաքննիչ դատարանը Բագրատ արք. Գալստանեանի խափանման միջոցը փոխած է տնային կալանքի:

Շուրջ մէկ տարիէ ի վեր բանտարկուած Բագրատ սրբազանը յայտարարեց, որ համաձայն չէ այս որոշումին հետ, ան արդարացում կը պահանջէ: Երէկուան դատական նիստէն ետք, սակայն, ան տեղափոխուեցաւ իր բնակութեան վայր:

Տաւուշի թեմի նախկին առաջնորդ Բագրատ արք.  Գալստանեան կը մեղադրուի ահաբեկչութեան եւ իշխանութեան իւրացման փորձի համար: Բարձրաստիճան հոգեւորականը եւ անոր փաստաբանները կը յայտարարեն, թէ սրբազանին ու անոր հետ նոյն օրը ձերբակալուած աւելի քան մէկ տասնեակ անձերու նկատմամբ մեղադրանքները կեղծ են, եւ որ զանոնք բանտարկութեան տակ պահելու որեւէ հիմք չեն տեսներ:

Leave a Comment