Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ յայտարարեց, որ «Թրամփի ուղի» նախագիծը կրնայ յեղափոխել Հայաստանի ռազմավարական դիրքը եւ դառնալ շրջանին մէջ առեւտուրի կեդրոնական հանգոյցը:
Ան այդ մասին յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի լսումներուն ընթացքին:
«Մենք ստորագրեցինք «Թրամփի ուղի» համաձայնագիրը Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ: Գիտեմ, որ անիկա Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի խարիսխն է եւ կարեւոր է, բայց ատիկա շատ աւելին է: Անիկա իսկապէս կարելիութիւն ունի յեղափոխելու Հայաստանի ռազմավարական դիրքը եւ դառնալու շրջանին մէջ առեւտուրի կեդրոնական հանգոյցը: Անիկա կը լուծէ հասանելիութեան հարցը, որ կը մտահոգէր Ազրպէյճանը եւ կը գրգռէր յարաբերութիւնները, բայց ասկէ ալ աւելին է: Անիկա ունի կարելիութիւն մեծապէս վերափոխելու Հայաստանի տնտեսութիւնը», ըսաւ Ռուպիօ:
Նախարարը «Թրամփի ուղի» նախագիծը դիտարկեց նաեւ Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններու պարունակին մէջ` նշելով, որ նախագիծը վերականգնած է Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ յարաբերութիւնները, որոնք, ըստ Ռուպիոյի, երկար ատենէ ի վեր լճացած էին:
Ան յոյս յայտնեց, որ այս նախագիծը կարելիութիւն պիտի տայ խթանելու մասնաւոր ներդրումները այդ երթուղիին վրայ` ի շահ ամերիկեան ընկերութիւններուն, բայց նաեւ ի շահ Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ շրջանային այլ երկիրներու:
Ռուպիօ նաեւ յայտարարեց, որ Ռուսիա այնքան ալ գոհ չէ Հարաւային Կովկասի մէջ Միացեալ Նահանգներու ներգրաւուածութենէն` մատնանշելով, որ կան ապացոյցներ, թէ Ռուսիա չի փափաքիր, որ Հայաստանի մէջ 7 յունիսին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն Հայաստանի գործող վարչապետը վերընտրուի` Միացեալ Նահանգներու հետ Հայաստանի աճող յարաբերութիւններուն լոյսին տակ:
«Յստակացնելու համար` մենք հոն չենք Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը խախտելու համար: Մենք չենք խնդրեր իրենցմէ բարեկամութիւն չմշակել այլ երկիրներու հետ: Մենք պարզապէս կ՛ուզենք իրենց հետ ունենալ յարաբերութիւններ, որոնք կառուցուած պիտի ըլլան ոչ միայն խաղաղութեան վրայ: Խաղաղութիւնը կարեւոր է, բայց ատիկա միայն սկիզբն է», նշեց Ռուպիօ` շեշտելով, որ խօսքը տնտեսական կարելիութիւններու մասին է, զորս կ՛ընձեռէ «Թրամփի ուղի» նախագիծը:
Ըստ Ռուպիոյի, կան ամերիկեան ընկերութիւններ եւ ամերիկացի գործարարներ, որոնք պիտի շահին «Թրամփի ուղի» նախագիծէն, բայց անոր բացման վերջնական շահառուն պիտի ըլլայ հայ ժողովուրդը:
Ան նաեւ շեշտեց, որ առանցքային պիտի ըլլայ նախագիծին իրագործումը: «Հիմա մենք պէտք է կեդրոնանանք անոր յառաջխաղացքին վրայ եւ ապահովենք, որ ամերիկեան ընկերութիւնները կարենան ներդրում ունենալ ենթակառուցուածքներուն, երկաթուղիին, մայրուղիին, նաեւ ամէն ինչի մէջ, որ անհրաժեշտ է այդ միջանցքի բացման համար: Մենք կարիք չունինք տիրապետելու անոր, մենք չենք խնդրեր ամերիկեան տնտեսական մենաշնորհ, բայց մենք կ՛ուզենք, որ մեր ընկերութիւնները արդար մասնակցութիւն ունենան հոն, եւ, ի դէպ, շատ պարագաներու` համագործակցելով հայկական ընկերութիւններու հետ, որպէսզի ատիկա դառնայ փոխադարձաբար օգտակար», շեշտեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը:
Յիշեցնենք, որ 26 մայիսին Մարքօ Ռուպիօ այցելեց Հայաստան, եւ երկու կողմերը նախաստորագրեցին «Թրամփի ուղի» նախագիծին վերաբերեալ շրջանակային համաձայնագիր մը: