Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն գործընկերութեան տնտեսական բաղադրիչի խթանման, որուն կարգին` ապրանքաշրջանառութեան յաւելման վերաբերող գործիքակազմի հարցերը քննարկեցին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Եւրոպական Միութեան ընդլայնման հարցերու յանձնակատար Մարթա Քոս` 2 յունիսին տեղի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին:
Արտաքին գործոց նախարարութենէն յայտնեցին, որ զրուցակիցները գոհունակութեամբ արձանագրեցին Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն գործընկերութեան զարգացման թափը:
Անդրադարձ կատարուեցաւ շրջանային փոխկապակցուածութեան զարգացման ուղղուած ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ ժողովրդավարական դիմակայութեան շարունակական ամրապնդման վերաբերող փոխադարձ գործակցութեան` իբրեւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն ռազմավարական օրակարգի մաս:
Քոս «Էքս»-ի վրայ գրած է, թէ արդիւնաւէտ զրոյց ունեցած է Միրզոյեանի հետ, վերահաստատած է «Եւրոպական Միութեան համերաշխութիւնը Հայաստանի հետ` Ռուսիոյ աճող տնտեսական հարկադրանքին դիմաց»:
«Մենք կարճ ժամկէտով Հայաստանին` Եւրոպական Միութեան աջակցութիւնը աւելցնելու ուղիներ կը փնտռենք: Մենք նաեւ պիտի արագացնենք մեր աշխատանքը` խթանելու համար առեւտրական եւ ուժանիւթի կապերը դէպի Հարաւային Կովկաս եւ Հարաւային Կովկասի մէջ` աջակցելով իր անմիջական դրացիներուն հետ Հայաստանի տնտեսական կապերուն», գրած է յանձնակատարը` շեշտելով. «Հայաստանը ինքնիշխան ու անկախ երկիր է, որուն ժողովուրդը ազատ է ընտրելու երկրին ուղին»:
Ասոր զուգահեռ, Հայաստանի ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ 1 յունիսին տեղի ունեցած է «Աջակցութիւն Հայաստանի մէջ վիզաներու ազատականացման երկխօսութեան` սահմաններու կառավարման, փաստաթուղթերու անվտանգութեան եւ իրաւապահ մարմիններու բարեփոխումներու ոլորտներուն մէջ» ծրագիրի մեկնարկի արարողութիւնը:
Նշուեցաւ, որ Եւրոպական Միութիւնը 2,2 միլիոն եւրօ պիտի յատկացնէ Հայաստանին` վիզաներու ազատականացման գործընթացին աջակցելու նպատակով: Ֆինանսաւորումը պիտի ուղղուի սահմաններու կառավարման, փաստաթուղթերու ապահովութեան եւ իրաւապահ համակարգի բարեփոխումներուն:
Ներքին գործոց նախարար Արփինէ Սարգսեան ընդգծեց, որ ասիկա Հայաստանի մէջ առաջին ծրագիրն է, որ ուղղակիօրէն կը զօրակցի վիզաներու ազատականացման գործընթացին:
Մինչ այդ, Լիւքսամպուրկէն Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւոր Ֆերնան Քարտհայզեր յայտնեց, որ Հայաստանի` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հարցը տակաւին աւելի շատ տեսական բնոյթ կը կրէ, իսկ շատ քիչ հաւանական է մինչեւ 2030 հանրապետութեան ներգրաւումը Եւրոպական Միութեան մէջ: