Զախարովա. «Հայաստանի Քաղաքացիները Պէտք Է Ընտրութիւններուն Ընթացքին Փրկեն Իրենց Երկիրը»

Հայաստանը պէտք է փրկեն անոր քաղաքացիները, որոնք կրնան ընտրութիւն կատարել յօգուտ իրենց երկրին` հաշուի առնելով ազգային շահերը: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին Փեթերսպուրկի միջազգային տնտեսական խորհրդաժողովի ծիրին մէջ լրագրողներուն յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:

«Հայաստանի քաղաքացիները այժմ բոլոր կարելիութիւնները ունին յօգուտ սեփական երկրի ընտրութիւն կատարելու` հաշուի առնելով ազգային շահերը», ըսած է Զախարովա:

Անոր համաձայն, Ռուսիան երբեք չէ գործած հայ ժողովուրդին դէմ:

«Ամէն կերպ աջակցած է, օգնած, իսկ երբեմն ալ` ուղղակի փրկած: Սակայն խօսքը Հայաստանի քաղաքացիներունն է», աւելցուցած է Զախարովա:

Leave a Comment