Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց ախոյեանութեան 18-րդ եւ վերջին հանգրուանին, ՀՄԸՄ Անթիլիաս 94-86 արդիւնքով պարտութեան մատնեց ախոյեան Ռիատին, այս վերջինիս դաշտին վրայ, եւ խլեց պարագլուխի դիրքը:
Այս հերոսական ելոյթէն ետք ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկները դարձան բնական ախոյեանութեան առաջին դիրքը գրաւող խումբը, որ շատ պիտի օգնէ «Ֆայնըլ 4»-ի մրցումներուն, դաշտին վրայ առաւելութիւն ունենալուն պատճառով:
ՀՄԸՄ Անթիլիաս Ռիմ Ղալիի, Փերլա Պու Նասրի, Մեղրի Թորոսեանի, Ամար Մանսուրի եւ Էլիսա Ապու Ժաուտէի հետ շատ լաւ սկսաւ մրցումը եւ առաջին 5 վայրկեաններուն 8 կէտի առաւելութիւն ունեցաւ (10-18) Ռիատիի վրայ:
Թայմ աութէն ետք, Ռիատի 4 կէտերու նուազեցուց արդիւնքը (16-20) եւ մօտ 2 վայրկեան մնացած 1 կէտի ալ նուազեցուց տարբերութիւնը (21-22), բայց ՀՄԸՄ Փերլայի եւ Կապի Սաատի 3 կէտերուն շնորհիւ առաջին մասը կրցաւ աւարտել 23-28 արդիւնքով:
Բ. մասին Ռիատի աւելի լաւ էր եւ յաջորդական 6 կէտեր նշանակեց: Պայքարը սրեցաւ երկու խումբերուն միջեւ, պահ մը Ռիատի 5 կէտերով հեռացաւ ՀՄԸՄ-էն (39-34), եւ աւելի ուշ տարբերութիւնը (44-38) 6 կէտերու ալ բարձրացուց:
Վերջին 2 վայրկեանները շատ հետաքրքրական էին (46-45), եւ Ռիատի 6 կէտերու առաւելութեամբ կիսախաղի դադար մտաւ (53-47):
3-րդ մասին Ռիատի շարունակեց պահել իր հեռաւորութիւնը, եւ մինչեւ 5-րդ վայրկեան 9 կէտ էր տարբերութիւնը (62-53): Ամար Մանսուր, Մեղրի եւ Փերլա յաջող կողովներ նշանակելէ ետք արդիւնքը 62-60-ի բարձրացուցին:
Վերջին 2 վայրկեաններուն Ռիմ կրցաւ հաւասարեցնել արդիւնքը, մինչ Մեղրի 3 կէտնոց եւ 2 կէտնոց կողովներ նշանակեց կարեւոր ժամանակին, եւ մինչեւ 3-րդ մասի աւարտը արդիւնքը 64-69 եղաւ:
4-րդ եւ վճռական մասին, ՀՄԸՄ Անթիլիաս շատ վճռական էր, եւ Մարիա Ղալեպի 5 ֆաուլերէն ետք շատ աւելի հանգիստ խաղցաւ:
Տակաւին 6 վայրկեաններ կային, երբ Ամար Մանսուրի 2 կէտերը ազատ հարուածով արդիւնքը 70-76-ի բարձրացուցին:
Լիբանանի լաւագոյն մարզիկ Ռեպեքքա Աքըլ 5 յաջորդական կէտեր նշանակեց, բայց Փերլայի 3 կէտնոց կողովը արդիւնքը վերածեց 75-79-ի:
Վերջին 4 վայրկեաններուն Ամար Մանսուր իր 5-րդ ֆաուլը կատարեց, բայց ՀՄԸՄ Անթիլիաս չյանձնուեցաւ եւ շնորհիւ Ռիմ Ղալիի «արժէքաւոր» կէտերուն ու Փերլա Պու Նասրի 3 կէտնոց կողովին 8 կէտերով հեռացաւ Ռիատիէն (78-86): Վերջին երեք վայրկեաններուն Մեղրի եւ Փերլա 3 կէտնոց կողովներ նշանակեցին, եւ մրցումը վերջ գտաւ 86-94 արդիւնքով:
Ռիմ Ղալի (30 կէտ), Փերլա Պու Նասր (24 կէտ, 6 յաջող 3 կէտնոց կողով), Մեղրի Թորոսեան (14 կէտ), Ամար Մանսուր (14 կէտ եւ 8 էսիսթ), Կապի Սաատ (12 կէտ եւ 10 էսիսթ), ինչպէս նաեւ Էլիսա Ապու Ժաուտէ եւ Ալիք Թապաքեան շատ լաւ ելոյթներ ունեցան` յաղթանակը եւ առաջին դիրքը նուիրելով ՀՄԸՄ Անթիլիասին:
Կիսաւարտականին ՀՄԸՄ Անթիլիաս պիտի մրցի Պէյրութ Ֆըրսթի դէմ, իսկ Ռիատի` Ազուրի:
Շատ հաւանական է, որ խումբերը իրենց մրցումները շարունակեն օտար մարզիկներով: