Հայաստանի մէջ ընտրութիւններէն ընդամէնը 4 օր առաջ, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ: Քննարկուած է Անգարայի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը: Այս մասին կը հաղորդէ Թուրքիոյ նախագահի գրասենեակը:
«Զրոյցի ընթացքին վարչապետ Փաշինեան շնորհաւորած է Էրտողանը անցած Ատհայի տօնին առիթով, անդրադարձ կատարուած է Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին, ինչպէս նաեւ շրջանային խնդիրներուն», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Էրտողան յայտարարած է, թէ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը կը շարունակուի` ուղղակի առեւտուրի մեկնարկին ուղղուած քայլերու միջոցով:
Ան ընդգծած է, թէ Թուրքիան ջանքեր կը գործադրէ շրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան ապահովման համար եւ միշտ պիտի աջակցի այդ ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերուն: