Դարձեալ Միացեալ Նահանգներ-Իրան Փոխադարձ Յարձակումներ

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ ամերիկեան բանակը «երէկ ուշ գիշերին» Հորմուզի նեղուցի մերձակայքին մէջ թիրախաւորած է իրանեան քարիւղատար նաւ մը, որուն շարժակներու սենեակը վնասուած է: Այդ յարձակումին իբրեւ հակադարձութիւն հրթիռներով թիրախաւորուած է ամերիկեան «Փանայա» նաւը:

Յեղափոխական պահակագունդը նշեց, որ ամերիկեան ուժերը Քաշամ կղզիին վրայ իր հաղորդակցութեան մէկ աշտարակին վրայ օդային յարձակում գործած են, որուն իբրեւ հակադարձութիւն թիրախաւորուած է «շրջանի մէկ պետութեան մէջ գտնուող օդուժի եւ ուղղաթիռներու ռազմակայան մը, ինչպէս նաեւ ամերիկեան ծովուժի 5-րդ նաւատորմիղի կեդրոնը»:

«Նախապէս զգուշացուցինք, թէ որեւէ յարձակում տարբեր եւ աւելի խիստ հակադարձութեան պիտի արժանանայ, եւ ատիկա իրողապէս գործադրեցինք: Այս պատասխանը պէտք է անոնց դաս մը ըլլայ», աւելցուց պահակագունդը:

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը նաեւ նշեց. «Հորմուզի նեղուցի անվտանգութեան խաթարումը ամերիկեան նախայարձակ բանակին սուղ գին պիտի արժէ»:

Ամերիկեան բանակը յայտարարեց. «Միջին Արեւելքի մէջ յաջողութեամբ ձախողութեան մատնեցինք հեռահար հրթիռներով եւ անօդաչու թռչող սարքերով իրանեան յարձակումներ»: Ան նաեւ յայտնեց, որ «ինքնապաշտպանութեան համար» յարձակումներ գործած է իրանեան Քաշամ կղզիին վրայ:

Բանակը նաեւ յայտարարեց, թէ կանգնեցուցած է նաւ մը, որ կը փորձէր դէպի իրանեան նաւահանգիստ նաւարկել` աւելցնելով, որ ամերիկեան պատերազմական օդանաւ մը «Հելֆայըր» տիպի հրթիռով հարուածած է շարժակներու սենեակը Պոցուանայի դրօշը բարձրացուցած «Էմ/Թի Լեքսի» նաւուն, որ «անտեսած է իրերայաջորդ զգուշացումները»:

Ամերիկեան բանակը հերքեց Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի յայտարարութիւնը, թէ Պահրէյնի մէջ ամերիկեան ծովուժի 5-րդ նաւատորմիղի կեդրոնատեղին եւ շրջանին մէջ անջատ օդուժի ռազմակայաններ հարուածած է:

Ամերիկեան բանակի կեդրոնական շրջանի հրամանատարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Իրան իր շրջանային դրացիներուն ուղղութեամբ շարք մը հեռահար հրթիռներ արձակեց, սակայն անոնք բոլորն ալ ձախողեցան հարուածել իրենց նպատակադրուած թիրախները»:

«Քուէյթի վրայ արձակուած երկու հրթիռներ իրենց թիրախները հասնելէ առաջ ինկան կամ ջախջախուեցան, եւ Պահրէյնի վրայ արձակուած երեք հրթիռներ անմիջապէս վնասազերծուեցան ամերիկեան եւ պահրէյնեան հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերուն կողմէ», աւելցուց հրամանատարութիւնը:

Ամերիկեան բանակի կեդրոնական շրջանի հրամանատարութիւնը յայտնեց, որ ամերիկեան բանակը վար առած է Իրանի կողմէ շրջանային ջուրերէն օրինական կերպով անցնող նաւաստիներու ուղղութեամբ արձակուած երեք յարձակողական անօդաչու թռչող սարքեր:

Հրամանատարութիւնը նշեց, որ իր հարուածները թիրախաւորած են Քաշամ կղզիին վրայ իրանեան զինուորական կառավարման ցամաքային կեդրոն մը:

Քուէյթեան բանակը իր կարգին յայտարարեց, թէ իր օդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրած են հրթիռներով եւ անօդաչու թռչող սարքերով «թշնամական» յարձակումներու:

Leave a Comment