«Զանգեզուրի միջանցք»-ը անպայման պիտի կառուցուի: Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Պաքուի 31-րդ ուժանիւթային ֆորումի պաշտօնական բացման արարողութեան ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ:
«Մենք նոր փոխադրամիջոցային միջանցքներ կը բանանք` ներդրումներ կատարելով երկաթուղային եւ ինքնաշարժային ենթակառոյցներուն մէջ», ըսած է Ալիեւ:
Յիշեցնելով, որ Արեւելք-Արեւմուտք միջանցքը յաջողութեամբ կը գործէ` Ազրպէյճանի նախագահը նշած է.
«Զանգեզուրի միջանցք»-ը, որ պիտի դառնայ Արեւելք-Արեւմուտք միջանցքի յաւելեալ մէկ ճիւղ, անպայման պիտի կառուցուի` համաձայն 8 օգոստոս 2025-ին Սպիտակ տան մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահի, Հայաստանի վարչապետի եւ իմ միջեւ ստորագրուած փաստաթուղթին»: