Պասքեթպոլ. Այսօր Ռիատի – ՀՄԸՄ Անթիլիաս

Այսօր երեկոյեան ժամը 20:30-ին, Մանարայի «Սաէպ Սալամ» մարզադաշտին վրայ Լիբանանի աղջկանց ախոյեանութեան 18-րդ հանգրուանի մրցումներուն գծով, ՀՄԸՄ Անթիլիաս պիտի ըլլայ հիւրը ախոյեան Ռիատիին:

Երթին ՀՄԸՄ Անթիլիաս 77-80 արդիւնքով պարտութիւն կրած էր Ռիատիէն, որ իր կարգին քանի մը օր առաջ պարտութիւն մը կրած էր Ազուրէն (85-88):

Երկու խումբերն ալ մէկական պարտութիւններ ունին, եւ ՀՄԸՄ Անթիլիաս պէտք է յաղթանակ արձանագրէ բնական ախոյեանութիւնը աւարտելու համար առաջին դիրքին վրայ:

Անթիլիասի աղջկանց խումբը շատ լաւ ելոյթներ կ՛ունենայ, միայն պէտք է աւելի կեդրոնացած խաղայ կարելի եղածին չափ քիչ թըրնօվըր կատարելով եւ նոյն պահուն ֆաուլերը զսպելով:

Այժմ խումբերը առանց օտար մարզիկներու կը խաղան, բայց շատ հաւանաբար օտարները պիտի վերադառնան «ֆայնըլ 4»-ի մրցումներուն:

Ռեպեքքա Աքըլ, Նարինէ Կէօքճեան, Մէյկըն Նաասան, Շերին Շերիֆ, Մարիա Ղալեպ, Նուր Լապպան, ինչպէս նաեւ Լարա Նաքիպ եւ Մայա Պարաքեթ պիտի ըլլան Ռիատիի մարզիկները, մինչ ՀՄԸՄ Անթիլիասի գլխաւոր աստղերը` Ամար Մանսուր, Մեղրի Թորոսեան, Ռիմ Ղալի, Փերլա Պու Նասր, Կապի Սաատ, Էլիսա Ապու Ժաուտէ, Ալիք Թապաքեան, Անիելա Հաւանճեան, Թալա Շամմաս եւ Ալիք Քէշիշեան պէտք է տան իրենց առաւելագոյնը` յաղթական դուրս գալու համար:

3-րդ դիրքը ապահովեց Ազուր, մինչ Պէյրութ Ֆըրսթ ապահոված է 4-րդ դիրքը:

Ստորեւ աղջկանց 18-րդ եւ վերջին հանգրուանի յայտագիրը.

ԱՅՍՕՐ
Պէյրութ Ֆըրսթ – Ինմաա Տամուր
Ռիատի – ՀՄԸՄ Անթիլիաս

ՎԱՂԸ
Անդրանիկ – Ազուր

ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ
Մթայլեպ – Սփորթինկ Պքեննայա

Leave a Comment