Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց բնական ախոյեանութեան մրցումները վերջ գտան կիրակի օր, ուր տեղի ունեցան վերջնական դիրքերը որոշող մրցումները:
22-րդ եւ վերջին հանգրուանին, ՀՄԸՄ-ի տղոց խումբը կիսախաղին 11 կէտերու առաւելութեամբ յառաջանալէ ետք, անակնկալ պարտութիւն մը կրած էր Պաթրունէն, այս վերջինիս դաշտին վրայ:
Մրցումին արդիւնքը բան չփոխեց ՀՄԸՄ-ի վերջնական դասաւորման մէջ, մինչ Պաթրուն Էն. Էս. Էյ.-ին կրցաւ անցնիլ եւ այսօր անոր դէմ մրցելով պիտի փորձէ հաստատ մնալ ապահով 9-րդ դիրքին վրայ` խուսափելու համար Բ. դասակարգ իջնելու վտանգէն:
Այս հանգրուանի մրցումներուն, ախոյեան Ռիատի անգամ մը եւս կրցած էր յաղթել Սաժեսին` այս վերջինիս դաշտին վրայ, մինչ Հուփս 93-87 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Սանթրալը, գրաւեց 3-րդ դիրքը:
Անթունիէ, որ 84-77 արդիւնքով յաղթած էր Էն. Էս. Էյ.-ին գրաւեց 4-րդ դիրքը, մինչ Անդրանիկ 94-78 արդիւնքով յաղթելէ ետք Շանվիլին, գրաւեց 5-րդ դիրքը:
Վաղը կը սկսին փլէյ-օֆի մրցումները, ուր երեկոյեան ժամը 20:45-ին Անթունիէ պիտի հիւրընկալէ Անդրանիկը, իր դաշտին վրայ:
Հինգշաբթի օր Ռիատի յետմիջօրէի ժամը 16:45-ին իր դաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Պէյրութ Ֆըրսթը, իսկ ուրբաթ օր ժամը 20:00-ին Հուփս իր «Ռոքլենտ Արենա» դաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Սանթրալը:
Շաբաթ օր ՀՄԸՄ-ի տղոց խումբը պիտի մեկնի Ղազիր` մրցելու համար Սաժեսի դէմ երեկոյեան ժամը 20:45-ին:
ՀՄԸՄ, որ ձեռք ձգեց Հուփսի անցեալ տարիներու աստղը` Տիքեմպէ Տիքսըն, դրական արդիւնքով պէտք է սկսի փլէյ-օֆի առաջին ճակատումը` անակնկալի բերելով Սաժեսը:
Յոյսով, որ մարզիկները լաւ վիճակի մէջ կ՛ըլլան եւ կարճ ժամանակէն կը շաղուին խումբի մթնոլորտին հետ, շատ աւելի լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգելու համար: