Թրամփ Կը Զգուշացնէ Ալիեւը. «Միացեալ Նահանգներու Կողմէ Տրամադրուող Օգնութիւնը Պէտք Չէ Օտագործուի Հայաստանի Դէմ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին յուշագիր յղած է 8 օգոստոս 2025 թուականի «Ազատութեան աջակցութեան օրէնքի» 907-րդ բանաձեւի սահմանափակումներու կասեցման ժամկէտը երկարաձգելու մասին` «Իլհա՛մ, դուք հիասքանչ էք» գրառումով:

Փաստաթուղթին մէջ կ՛ընդգծուի, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ ցուցաբերուող օգնութիւնը պէտք չէ օգտագործուի Հայաստանի դէմ եւ պէտք չէ խոչընդոտէ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու խաղաղ կարգաւորման:

Ալիեւ շնորհակալութիւն յայտնած է Թրամփին եւ բարձր գնահատած այդ քայլը:

«Մեծարգո՛յ նախագահ Տանըլտ Թրամփ, կ՛ուզեմ իմ խորին երախտագիտութիւնս յայտնել ձեզի` իբրեւ յիշատակի նուէր ինծի «Ազատութեան աջակցութեան օրէնք»-ի 907-րդ բանաձեւի սահմանափակումներու կասեցման երկարաձգման մասին յուշագիրը յղելու համար, որ կ՛ուղեկցէր ձեր անձնական մակագրութեամբ եւ բարի խօսքերով: Ես բարձր կը գնահատեմ եւ մեծ արժէք կու տամ ձեր այս ուշադիր քայլին», «Էքս»-ի վրայ գրած է Ալիեւ:

 

Leave a Comment