«Հայաստան» Դաշինքի Բազմամարդ Հանրահաւաք` «Ազատութեան» Հրապարակին Վրայ

31 մայիսին «Հայաստան» դաշինքի ներկայացուցիչներն ու համակիրները Արամ Մանուկեանի արձանի, Ս. Աննա եկեղեցւոյ եւ Մատենադարանին յարող տարածքներէն քայլերթ կատարեցին դէպի Ազատութեան հրապարակ, ուր տեղի ունեցաւ «Հայաստան» դաշինքի եզրափակիչ հանրահաւաքը:

Խօսքեր արտասանեցին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը, հասարակական գործիչ Արսինէ Մինասեանը, «Առաջ» կուսակցութեան նախագահ Սեւակ խաչատրեանը, «Հայաստան» դաշինքի անդամներ Արծուիկ Մինասեանը, Քրիստինէ Վարդանեանը, Աննա Գրիգորեանը, դաշինքի առաջնորդ, Հայաստանի նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը:

«Ձեր պայքարը ոչ թէ մեզ իշխանութեան բերելու համար է, այլ ձեր պայքարով դուք ձեր հայրենիքի, ձեր պետականութեան եւ ձեր ինքնութեան կողքին էք: Ուղիղ մէկ շաբաթէն հայը կ՛որոշէ իր ճակատագիրը: Հայ մարդու եւ մեր պետականութեան ճակատագիրը ո՛չ Մոսկուայի մէջ, ո՛չ Ուաշինկթընի մէջ, ո՛չ Պրիւքսելի մէջ, ո՛չ ալ մէկ այլ մայրաքաղաքի մէջ կ՛որոշուի, կ՛որոշուի Հայաստանի մէջ: Մենք տէր ենք մեր ճակատագրին: Յունիսի 7-ը պարզապէս քուէարկութեան օր չէ, այլ իշխանափոխութեան օր է, Նիկոլ Փաշինեանին վռնտելու օր», յայտարարեց Իշխան Սաղաթէլեան:

Ապա ցուցադրուեցաւ կարճ տեսանիւթ «Հայաստան» դաշինքի եւ քաղաքական միաւորներու պայքարի ճամբուն մասին:

Դաշինքի անդամները իրենց խօսքերուն մէջ կարեւոր նկատեցին ընտրութիւններուն քաղաքացիներուն աշխուժ մասնակցութիւնը` նշելով, որ երկիրը կանգնած է կարեւոր ընտրութեան առջեւ, եւ ասիկա նախ եւ առաջ ինքնութեան պահպանման պայքար է:

Ռոպերթ Քոչարեան իր եզրափակիչ խօսքին մէջ յատկապէս ըսաւ. «Մեր հետագայ քայլերու բանաձեւը շատ պարզ է` չկայ Նիկոլը պաշտօնին` չկան խնդիրներ Հայաստանի մէջ: Չկայ Նիկոլը` չկայ ճգնաժամ, չկայ Նիկոլը` չկայ աղքատութիւն, չկայ Նիկոլը` չկայ պատերազմ, չկայ Նիկոլը` չկայ ազգային նուաստացում, չկայ Նիկոլը` չկայ 300 հազար ազրպէյճանցիներու վերադարձ: Բոլոր առկայ խնդիրները լուծելի են, ես գիտեմ` ինչպէս այդ ընել, եւ մենք այդ պիտի ընենք: Մենք արդիւնաւէտ կառավարման հարուստ փորձ ունինք: Յունիսի 7-ին ժողովուրդը պէտք է երթայ ընտրութեան եւ ընտրէ Հայաստանը, փորձը, պատասխանատուութիւնը»:

Հանրահաւաքի աւարտէն ետք կատարուեցաւ պայքարի եւ իրազեկման երթ` Երեւանի կեդրոնը:

Leave a Comment