Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին կանչուած է Մոսկուա` խորհրդակցութիւններ կատարելու համար Եւրոպական Միութեան հետ մերձեցման ուղղութեամբ Հայաստանի ղեկավարութեան քայլերուն վերաբերեալ, որոնք կը վնասեն ԵԱՏՄ-ի շրջանակներուն մէջ համագործակցութեան: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին տեղեկացուցած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
«Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Փաւլովիչ Քոփիրքին կանչուած է Մոսկուա խորհրդակցութիւններու համար, որոնք կը վերաբերին Հայաստանի ղեկավարութեան Եւրոպական Միութեան հետ մերձեցման ուղղութեամբ քայլերուն, որոնք կը վնասեն ԵԱՏՄ-ի ծիրին մէջ համագործակցութեան», նշուած է նախարարութեան կայքին վրայ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ: