Այն ամէնը, ինչ որ հայերուն համար ընդունելի է, Ռուսիոյ համար լաւ է: Ըրէք այն, ինչ որ ձեզի յարմար է: Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին:
Անոր համաձայն, Եւրոպական Միութեան մերձենալու համար Երեւանի կողմէ կայացուող որեւէ որոշում պիտի չվնասէ Մոսկուայի հետ մարդասիրական կապերուն: Միեւնոյն ժամանակ, Փութին նշած է, որ Ուքրանիոյ ճգնաժամը սկսած է Եւրոպական Միութեան միանալու փորձերէն:
Ռուսիոյ նախագահը նշած է, որ եթէ Հայաստանը սկսի Եւրոպական Միութեան չափանիշերուն անցում կատարել, ապա Հայաստանի համարկումը առարկայականօրէն ստիպուած պիտի ըլլան դադրեցնել:
Ան նշած է, որ Եւրասիական տնտեսական միութենէն դուրս գալու պարագային Հայաստանի քաղաքացիներուն նկատմամբ պիտի գործեն գաղթականներու համար սահմանուած սովորական պահանջները:
Փութին յայտարարած է, որ Հայաստանի համար ուժանիւթի գիներու աճը պիտի յանգեցնէ անոր համախառն ներքին արտադրութեան առնուազն 14 առ հարիւրի կորուստին:
Ան նշած է, որ Ռուսիան պիտի ուզեր, որ Հայաստանի մէջ կարելի եղածին չափ շուտ կատարուի հանրաքուէ Եւրոպական Միութեան միանալու կամ Եւրասիական տնտեսական միութեան մէջ մնալու վերաբերեալ:
Փեսքով. «Երեւանը Եւրոպական Միութեան Պէտք Է Միանայ Իր Հաշուոյն, Եւ Ոչ Թէ` Մոսկուայի Եւ ԵԱՏՄ–ի»
Երեւանը պէտք է Եւրոպական Միութեան մերձենայ իր հաշուոյն, եւ ոչ թէ` Մոսկուայի եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով:
«Տակաւին կայ մեծ հարց. դէպի Եւրոպական Միութիւն շարժելով, ինչ որ Հայաստանի բացարձակ գերիշխան իրաւունքն է, ան չի կրնար եւ պէտք չէ ատիկա ընէ ԵԱՏՄ-ի երկիրներու ելեւմտական միջոցներուն հաշուոյն: Ատիկա պէտք է ընէ սեփական միջոցներով», նշած է ան:
Փեսքով աւելցուցած է, որ Եւրոպական Միութեան հետ մերձեցման ընթացքին Հայաստանը ուշ կամ կանուխ պիտի յայտնուի իրավիճակի մը մէջ, երբ իր ընդունած արժեչափերը պիտի հակասեն Եւրասիական տնտեսական միութեան կանոններուն:
Ռեշեթնիքով. «Հայաստանի Համար Կազի Հարցը Զգայուն Է»
Ռուսիոյ տնտեսական զարգացման նախարարը պետական լրատուամիջոցի հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է, թէ Հայաստանի հետ կապուած ամէնէն զգայուն հարցը կազինն է: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
«Խնդիրը բացասական զարգացումը կանխարգիլելն է», ըսած է Մաքսիմ Ռեշեթնիքով` աւելցնելով. «Հայաստանի ընտրած ուղին պիտի յանգեցնէ ԵԱՏՄ-ի մէջ գտնուելու անկարելիութեան»:
Պաշտօնական Մոսկուան, որ դժգոհ է Հայաստանի Եւրոպական ձգտումներէն, վերջերս նամակով զգուշացուցած է Երեւանը, թէ կրնայ դադրեցնել արտօնեալ պայմաններով բնական կազի եւ նաւթամթերքի Հայաստանին մատակարարումը: