Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Պէյրութ Ֆըրսթ` 83-37

Շաբաթ օր, ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց պասքեթպոլի խումբը 83-37 արդիւնքով շատ հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց Պէյրութ Ֆըրսթի դէմ եւ վաղը պիտի ըլլայ հիւրը ախոյեան Ռիատիի` վերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ:

Պատերազմական գործողութիւններու դադարէն ետք, երբ խումբերը սկսան առանց օտարներու խաղալ,    ՀՄԸՄ Անթիլիասի եւ Ռիատիի գերակայութիւնը շատ յստակ էր: Նոյնիսկ առանց 2 օտարներու ՀՄԸՄ Անթիլիասի խումբը կը խաղար 8-9 մարզիներով, որոնք կու տային իրենց առաւելագոյնը: Տակաւին Տանիելա Ֆայյատ եւ Սթեֆանի Հատտատ վիրաւոր ըլլալնուն պատճառով կը բացակային:

Պէյրութ Ֆըրսթի դէմ մրցումին Մեղրի Թորոսեան իր ամէնէն փայլուն օրերէն մէկը բոլորեց` նշանակելով 32 կէտեր: Մեղրի Թորոսեան 14 անգամ փորձեց 3 կէտնոց կողովներ նշանակել եւ յաջողեցաւ 71,4 տոկոս յաջողութեամբ նշանակել 10 կողովներ:

Փերլա Պու Նասր (17 կէտ), Ռիմ Ղալի (14 կէտ), Ամար Մանսուր (7 կէտ), Ալիք Թապաքեան (6 կէտ), Էլիսա Ապու Ժաուտէ (5 կէտ), Կապի Սաատ (2 կէտ), Թալա Շամմաս, Ալիք Քէշիշեան եւ Անիելա Հաւանճեան լաւ ելոյթներ ունեցան եւ պէտք է պատրաստ ըլլան Ռիատիի դէմ վաղուան մրցումին (ժաը 20:30-ին):

Պէյրութ Ֆըրսթի լաւագոյն մարզիկն էր Մարիամ Ժոմաա, որ 13 կէտ նշանակեց: ՀՄԸՄ Անթիլիաս բաւական լաւ պասքեթպոլ կը խաղայ, բայց պէտք է ըսել, որ թըրն-օվըրները պէտք է զսպել, մանաւանդ որ Ռիատիի նման մրցակիցը շատ դիւրին ձեւով կրնայ օգտուիլ այդ սխալներէն:

25 թըրն-օվըր Պէյրութի նման խումբի մը դէմ քիչ մը շատ է: Ուշադիր պէտք է ըլլալ նաեւ ֆաուլերուն գծով:

Leave a Comment