Մարզական աշխարհին մէջ շատ անգամ հանդիպած ենք նոյն ակումբին մէջ հօր ու զաւկի ներկայութեան, ինչպէս այս տարեշրջանին պատահեցաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի մէջ, երբ Լըպրոն Ճէյմս Լոս Անճելըս Լէյքըրզի մէջ իր կողքին ունէր իր անդրանիկ զաւակը` Պրոնին:
Եղած են պարագաներ, երբ մարզիչը կ՛ըլլար հայրը, ինչպէս 1980-ականներուն, երբ Նոթինկհամ Ֆորեսթի ֆութպոլի խումբին մէջ կային մարզիչ Պրայըն Քլաֆն ու մարզիկ Նայճըլ Քլաֆը:
Անշուշտ օրինակները շատ են, բայց աւելի հետաքրքրական կ՛ըլլայ, երբ հայր մը կ՛ըլլայ ակումբի մը պատասխանատուն, իսկ զաւակը կը խաղայ իր հօր ակումբին դէմ:
Տարիներ առաջ տեսած էինք Իտալիոյ մէջ 2022-ին, Ա. Սէ. Միլանի այժմու վարչական եւ պատմական նախկին մարզիկ Փաուլօ Մալտինիի դէմքը, երբ իր զաւակը` Տանիէլ կոլ նշանակած էր Սփեցիայի շապիկով` Միլանի բերդին մէջ:
Նոյն ձեւի վիճակ էր անցեալ չորեքշաբթի օր, Մըզհերի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ, երբ Պրայըն Սալեհ 3 կէտնոց կողով նշանակեց Սաժեսի դէմ, ուր իր հայրը վարչական պատասխանատու է:
Արդեօք ի՞նչ կը զգայ հայր մը, երբ մրցակից խումբէ խաղցող իր զաւակը կոլ մը կամ կողով մը նշանակէ իր գործած ակումբին դէմ, կ՛ուրախանա՞յ, թէ՞ կը դժգոհի:
