ՀՄԸՄ-ի ԼԵՎԱՄ-ի Յանձնախումբ. Ֆութպոլի Եւ Պասքեթպոլի Վերջնական Դասաւորումները

Անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցան ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբի 2025-2026 տարեշրջանի ֆութպոլի եւ պասքեթպոլի աւարտականի եւ 3-րդ դիրքի մրցումները:

Ֆութպոլի աղջկանց ախոյեան դարձաւ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի խումբը, որ աւարտականին 3-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը:

Երրորդ դիրքը գրաւեց ՀԲԸՄ վարժարաններու խումբը, որ 1-0 արդիւնքով յաղթեց Ազգային միացեալ վարժարանի աղջիկներուն` 1-0 արդիւնքով:

Փոքր տղոց ախոյեանութեան տիրացաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը, որ աւարտականին 5-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանը:

3-րդ դիրքը գրաւեց ՀԲԸՄ-ի վարժարաններու խումբը, որ 4-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանը:

Մեծ տղոց ֆութպոլի ախոյեան դարձաւ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանը, որ 3-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը, աւարտական մրցումին:

Երրորդ դիրքը շահեցաւ Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանը, որ 5-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանը:

Պասքեթպոլի աւարտական մրցումներուն, փոքր աղջիկներու ախոյեան դարձաւ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանը, որ 35-30 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանը:

Փոքր տղոց ախոյեան դարձաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը, որ 78-54 արդիւնքով պարտութեան մատնեց ՀԲԸՄ-ի վարժարանները:

Մեծ աղջկանց աւարտականին, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանը 69-30 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը եւ շահեցաւ ոսկի մետալը:

Մեծ տղոց աւարտականին, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան 52-50 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը եւ դարձաւ ախոյեան:

 

Leave a Comment