Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Մթայլեպ` 105-61

Շաբաթ օր Լիբանանի աղջկանց պասքեթպոլի ախոյեանութեան 15-րդ հանգրուանի մրցումներուն գծով ՀՄԸՄ Անթիլիաս 105-61 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց Մթայլեպի վրայ:

Երթին, երբ երկու խումբերը օտարներով համալրուած էին, մրցումը 99-60 արդիւնքով վերջ գտած էր:

Փերլա Պու Նասր շատ լաւ ելոյթ ունեցաւ` նշանակելով 19 կէտ եւ 13 ռիպաունտ 6 էսիսթներու եւ 2 սթիլներու կողքին:

Շատ լաւ ելոյթներ ունեցան նաեւ Ռիմ Ղալի (24 կէտ եւ 13 ռիպաունտ), Ամար Մանսուր (14 կէտ եւ 9 էսիսթ), Ալիք Թապաքեան (13 կէտ), Կապի Սաատ (8 կէտ եւ 7 էսիսթ) եւ Մեղրի Թորոսեան (19 կէտ, 5 յաջող 3 կէտնոց կողովներ):

Էլիսա Ապու Ժաուտէ (2 կէտ), Թալա Շամմա (4 կէտ), Անիելա Հաւանճեան (2 կէտ) եւ Ալիք Քէշիշեան իրենց կարգին մասնակցեցան այս մրցումին, ուր բոլորին տրուեցաւ առիթ, մանաւանդ երբ արդիւնքը 65-21 էր կիսախաղին: Առաջին մասին ՀՄԸՄ Անթիլիաս 34 կէտ նշանակեց, մինչ Մթայլեպ… 7:

Տակաւին 2 կարեւոր մրցումներ ունի ՀՄԸՄ Անթիլիաս: Ան յաջորդ մրցումին պիտի մրցի Պէյրութ Ֆըսթ խումբին դէմ շաբաթ օր, իսկ 3 օր ետք` ախոյեան Ռիատիի դէմ:

 

 

Leave a Comment