Մոլտովայի մայրաքաղաք Քիշինեւի մէջ վերջ գտաւ մինչեւ 20 տարեկաններու ազատ ոճի ըմբշամարտի միջազգային մրցաշարքը, որ նուիրուած էր Թուտոր Ջուպիրքույի յիշատակին:
Հայաստանի հաւաքականը այս մրցաշարքին մասնակցեցաւ 10 ըմբիշներով եւ յաջողեցաւ 8 մետալներով վերադառնալ: Հայաստան 3 ոսկի, 3 արծաթ եւ 2 պրոնզ մետալներ շահեցաւ:
Մրցաշարքի ախոյեաններ դարձան Սաշա Պետրոսեան, Գագիկ Ղազարեան եւ Հենրիկ Հայկեան: Հայաստանի երեք այլ ներկայացուցիչներ հասան աւարտական եւ դարձան արծաթէ մետալակիրներ:
Միջազգային այս մրցաշարքի մասնակցութիւնը վստահ փորձառութիւն պիտի ըլլայ հայ ըմբիշներուն, որոնք կը պատրաստուին յաջորդ միջազգային ցամաքամասային ախոյեանութիւններուն:
Ստորեւ` հայ ըմբիշներուն արդիւնքները.
57 քկ – Սաշա Պետրոսեան – ոսկի մետալ:
61 քկ – Գագիկ Ղազարեան – ոսկի մետալ:
120 քկ – Հենրիկ Հայկեան – ոսկի մետալ:
65 քկ – Արէն Հայրապետեան – արծաթէ մետալ:
86 քկ – Ռազմիկ Եփրեմեան արծաթէ մետալ:
97 քկ – Յակոբ Յակոբեան – արծաթէ մետալ:
74 քկ – Վլատիմիր Ազարեան – պրոնզէ մետալ:
79 քկ – Նարեկ Նիկողոսեան – պրոնզէ մետալ: