Երէկ յետմիջօրէին ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի տղոց խումբը արձանագրեց ախոյեանութեան մեծագոյն անակնկալը` 126-125 արդիւնքով յաղթելէ ետք ախոյեան Ռիատիին:
Արդիւնքը անակնկալ էր այն պատճառով, որ տակաւին երկուշաբթի օր խումբը փորձի սկսած էր, եւ մարզիկներ առաջին անգամ ըլլալով կը խաղային ՀՄԸՄ-ի շապիկով, մինչ Մոհամետ Հոթէյթ, որ անցեալ տարեշրջանին շատ պարզ մարզիկ մըն էր եւ այս շաբաթ վերադարձած էր Միացեալ Նահանգներէն, ընտրուեցաւ մրցումի լաւագոյն մարզիկներէն:
Անցեալ տարիներու աստղերէն Ճորտըն Սթիվընզ առաջին մասին կէտ չնշանակելէ ետք 46 կէտ նշանակեց, 8 յաջող 3 կէտնոց կողովներով, մինչ Ազիզ Ապտելմասիհի 3 կէտնոց կողովն էր, որ յաղթանակը նուիրեց ՀՄԸՄ-ին: Ազիզի 5-րդ յաջորդ 3 կէտնոց կողովը վճռական եղաւ` պազըր պեթըրին անշարժեցնելով Ռիատին, որ իր առաջին պարտութիւնը կրեց ախոյեանութեան:
Մաքենզի Մուր շատ լաւ մարզիկ մըն է, որ 22 կէտ նշանակեց` ձեռք ձգելով 9 ռիպաունտ եւ 8 էսիսթ:
Ճորտըն իր կարգին 10 էսիսթ ձեռք ձգեց, մինչ եգիպտացի «հսկայ» Համատ Ֆաթհի 16 ռիպաունտ ձեռք ձգեց 11 կէտերու կողքին, բայց բաւական դանդաղ մարզիկ մըն է, բան մը, որ կը ստիպէ մրցակից խումբին դէմ ալ աւելի դանդաղ խաղալ:
Հոթէյթ 24 կէտ նշանակեց եւ ամէն ձեւով օգնեց խումբին: Իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Թանիոս Աքիքի (2 կէտ), Պրայըն Սալեհ (2 կէտ), Քարիմ Սալամ եւ Փիթըր Տեքիրմենճեան:
Շատ կարեւոր յաղթանակ մըն էր ասիկա ՀՄԸՄ-ի համար, որ եղաւ 20-րդ հանգրուանին, եւ յաջորդ մրցումին` չորեքշաբթի գիշեր Սաժեսի դէմ անգամ մը եւս համակիրները պէտք է նոյն մթնոլորտը ստեղծեն «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:

