Պուլկարիոյ Սամոքով քաղաքին մէջ սկսաւ Եւրոպայի ազատ ոճի ըմբշամարտի պատանիներու (15 տարեկանէն վար) ախոյեանութիւնը:
Հայ ըմբիշ Շահէն Մարտիրոսեան ոսկի մետալ նուաճեց մինչեւ 68 քկ կշիռի մրցումներուն` աւարտականին 10-0 արդիւնքով ջախջախիչ յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք իր թուրք մրցակիցին դէմ:
Շահէն Մարտիրոսեան պէտք ունեցաւ 40 երկվայրկեանի` դառնալու Եւրոպայի ախոյեան: Ան իր տպաւորիչ 5 ելոյթներուն ալ հաստատ յաղթանակներ արձանագրեց, նախ 10-0 արդիւնքով յաղթելով Պուլկարիոյ իր մրցակիցին, ապա 8-2 արդիւնքով Մոլտովայի ներկայացուցիչին: 10-4 արդիւնքով ան յաղթեց իր ռուս մրցակիցին, ապա կիսաւարտականին` 12-1 արդիւնքով վրացի իր մրցակիցին: Աւարտականին ալ ան 10-0 արդիւնքով, ինչպէս նշեցինք, թուրք Սարուհան Քարաօղլուի:
Նշենք, որ յունահռոմէական ոճի մրցումներու աւարտին, Հայաստան մէկ արծաթէ եւ 3 պրոնզէ մետալներ շահած էր: