«Էն. Պի. Էյ.»-ի Արեւելեան շրջանի աւարտականի երկրորդ ճակատումին, Նիւ Եորք Նիքս «Մետիսըն Սքուեր Կարտըն»-ի իր դաշտին վրայ կրցաւ 109-93 արդիւնքով պարտութեան մատնել Քլիվլենտ Քեվելիրզը եւ կէս ճամբան կտրեց` հասնելու «Էն. Պի. Էյ.»-ի աւարտական:
1999-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով Նիւ Եորք պիտի փորձէ հասնիլ աւարտական` առիթէն օգտուելով նաեւ Քլիվլենտի աստղ Տոնավըն Միչելի վիրաւոր վիճակին, որ զգալիօրէն իր բնական մակարդակով չի խաղար:
Ճոշ փլէյ օֆի իր առաւելագոյն կէտերը նշանակեց (26 կէտ), մինչ Ճէյլըն Պրանսըն 19 կէտ եւ 14 էսիսթ կատարեց: Միքալ Պրիճզ (19 կէտ) եւ Քարլ Անթոնի Թաունզ (18 կէտ եւ 13 ռիպաունտ) բաւական լաւ ելոյթ ունեցան ի նպաստ Նիքսի, որ այժմ պիտի մեկնի Քլիվլենտ` 2 յաջորդական մրցումներ կատարելու:
Միչել ցաւերով խաղալով հանդերձ 26 կէտ նշանակեց, մինչ Ճէյմս Հարտըն 18 կէտ նշանակեց ի նպաստ Քլիվլենտի:
«Բան չկայ մտահոգուելու… Իրենց դաշտին վրայ յաղթեցին երկու մրցում, ասկէ առաջ տեսած ենք, եւ հիմա մենք պէտք է յաղթենք երկու մրցում», ըսաւ Միչել: