Մոնտիալ 2026. Անգլիա Եւ Գերմանիա Իրենց Կազմերը Որոշեցին

Երէկ Անգլիոյ եւ Գերմանիոյ ազգային խումբերու գլխաւոր մարզիչները` Թոմաս Թուխել եւ Եուլիան Նակելզման յայտարարեցին իրենց 26 մարզիկները:

Մանչեսթըր Եունայթըտի յետսապահ Հերի Մակուայըր դուրս մնաց գերմանացի Թուխելի որոշած կազմէն, բան մը, որ ապշեցուց մարզիկը, մանաւանդ որ ան վերջին մրցումներուն միշտ հիմնական կազմէն նկատի կ՛առնուէր:

Շատ հաւանական է, որ Թուխել պիտի վստահի Չելսիի մարզիկ Լեւի Քոլուիլի, մինչ կեդրոնի հիմնական պաշտպանները հաւանաբար ըլլան Էզրի Քոնսա եւ Մարք Կուեհի:

33 տարեկան Մակուայըր այս ձեւով կրնայ իր վերջին ելոյթները ունեցած ըլլալ ազգային խումբի շապիկով:

Ըստ Ֆապրիցիօ Ռոմանոյի, Ֆիլ Ֆոտեն եւ Լուք Շօ շատ հաւանաբար դուրս մնան Թուխելի վերջնական կազմէն` նկատի ունենալով, որ Թուխել անուններէ աւելի այժմու մակարդակին վրայ կը վստահի ըստ երեւոյթին:

Գերմանիոյ պարագային, Եուլիան Նակելզման անգամ մը եւս իր վստահութիւնը տուաւ 40 տարեկան Մանուէլ Նոյերին` հաստատելով, որ ան 2 տարուան բացակայութենէ ետք վերստին պիտի ըլլայ թիւ 1-ը` փոխարինելով Օլիվըր Պաումանը (Հոֆենհայմ):

Պաուման բնականաբար յուսախաբ եղաւ, բայց Նակելզման հաստատեց, որ Նոյերի ներկայութիւնը լաւ մթնոլորտ կը ստեղծէ ամբողջ խումբին մէջ, եւ ան շատ լաւ ձեւով կրնայ կառավարել պաշտպանները, ինչպէս նաեւ անոր փորձառութիւնը բաւարար է խումբին յարձակումները նոյնիսկ սկսելու:

4 անգամ աշխարհի ախոյեան Գերմանիա թեկնածու չէ այս Մոնտիալին, բայց կը մնայ ֆութպոլի պատմական խումբերէն, որ կայուն եղած է մոնտիալներու պատմութեան ընթացքին:

Ըստ օփթայի (գերհամակարգիչ), թեկնածուներուն գլխաւոր հաւանականութիւնը ունին Սպանիա (16 տոկոս), Ֆրանսա (13 տոկոս), Անգլիա (11 տոկոս), Արժանթին (10 տոկոս), Փորթուգալ եւ Պրազիլ (7 տոկոս), մինչ Գերմանիա 6 տոկոս յոյս ունի:

Անշուշտ ֆութպոլը թուղթի վրայ չի խաղցուիր, այլ դաշտին վրայ, եւ շատ անգամ թեկնածու խումբեր չեն կրցած իրենց վրայ դրուած յոյսերը արդարացնել:

Նշենք, որ Պրազիլի աստղերէն Նէյմար երէկ առաւօտ Սանթուսի հետ մրցումի մը ընթացքին վիրաւորուեցաւ եւ… շատ հաւանաբար կարճ ժամանակէն վերադառնայ եւ ապաքինի մինչեւ Մոնտիալ:

 

Leave a Comment