Ռոնալտօ 2 Կոլեր Նշանակեց, Նասր` Վերջապէս Ախոյեան

Քրիսթիանօ Ռոնալտօ իր ասպարէզի 972-րդ եւ 973-րդ կոլերը նշանակեց երէկ, եւ Նասր իր պատմութեան 11-րդ տիտղոսը շահեցաւ եւ առաջինը` 2019-էն վերջ:

41 տարեկան Ռոնալտօ, որ 2023-էն ի վեր կը խաղայ Նասրի հետ, վերջապէս կրցաւ իր երազը իրականացնել` ախոյեան դառնալով Սէուտական Արաբիոյ մէջ ալ:

Մանչեսթըր Եունայթըտի հետ 3 անգամ Անգլիոյ ախոյեան դառնալէ ետք, Ռոնալտօ երկու անգամ Ռէալ Մատրիտի հետ շահած էր Սպանիոյ ախոյեանութիւնը, ապա Եուվենթուսի հետ 2 անգամ Իտալիոյ ախոյեանութիւնը եւ 6 տարի ետք Նասրի հետ ախոյեան դարձաւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ:

Սատիօ Մանէ, Քինկզլի Քոման եւ Ռոնալտօ (2) նշանակեցին Տամաքի դէմ 4-1 արդիւնքով յաղթանակի կոլերը, մինչ Բ. դիրքը գրաւող Հիլալ 1-0 արդիւնքով յաղթեց Ֆայհային, բայց 2 կէտերով ետ մնաց:

Ռոնալտոյի 28-րդ կոլն էր այս տարեշրջանի ախոյեանութեան, նախապէս 25 (2025-ին), 35 (2024-ին) եւ 14 (16 մրցումներու ընթացքին միայն) կոլեր նշանակելէ ետք սէուտական բարձրագոյն դասակարգին մէջ:

41 տարեկան աստղը քանի մը շաբաթէն իր վերջին Մոնտիալին ալ պիտի մասնակցի Փորթուգալի ազգային խումբին հետ:

 

 

Leave a Comment